Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեցին, որ կառավարութեան աշխատանքները գործնականացնելու իմաստով յստակ ծրագիր մը որդեգրուած է:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի յայտնեց, որ սուրիական ընդդիմութիւնը բարեկարգում եւ ժողովրդավարութիւն չի փափաքիր հաստատել, այլ` Սուրիան քանդել եւ բնակչութիւնը ոչնչացնել:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ Վատիկան Լիբանանը կը գնահատէ իբրեւ երկիր մը, որ արժանի է հոգատարութեան եւ ոչ թէ այս կամ այն երկրի կամ քաղաքական կողմի հաշիւներ մաքրելու վայր:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքը պարտադրեց տեղեկատուական բաժանմունքի իր պատասխանատուին` Այման Ժեզզինիի հրաժարելու իր պաշտօնէն եւ անոր պաշտօնը ստանձնելու համար նշանակեց Ապտել Սալամ Մուսան:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ շեշտեց, որ կառավարութիւնը յանձնառու մնացած է քարիւղի պեղման նուազուրդը յայտարարելու, նախքան տարեվերջը:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատու Անթուան Նասրալլան շեշտեց, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը կ՛երաշխաւորէ հանգիստ ու խաղաղ ընտրութիւններու կայացումը:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըր մաղթեց, որ Լիբանանի մէջ ապահովական կայունութիւն եւ խաղաղութիւն տիրէ:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ֆատի Աուար շեշտեց, որ Քարիւղի մարզի տնօրինման խորհուրդին նշանակումը ազգային նուաճում է, որ Լիբանանը դէպի նոր հանգրուան կ՛առաջնորդէ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ կառավարութեան որոշումներուն մեծ մասը ընտրական նպատակներով կ՛որդեգրուի:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն յայտնեց, որ կառավարութիւնը իր աշխատանքները կը շարունակէ եւ կարելի չէ անոր գործունէութեան ժամանակը սահմանափակել:
ԵԳԻՊՏԱՑԻ դիւանագէտ մը սէուտական «Ռիատ» օրաթերթին յայտնեց, որ Եգիպտոս համաձայն է, որ լիբանանցիներուն միջեւ ազգային երկխօսութիւն կատարուի` աւելցնելով նաեւ, որ Գահիրէ կը զօրակցի Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ Լիբանանի որդեգրած չէզոք կեցուածքին:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը խախտեց լիբանանեան գերիշխանութիւնը` թռիչքներ գործելով Հասպայայի, Արքուպի, Ուազզանիի եւ Շեպաայի վերեւ:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան փոխնախագահ Սըժաան Քազզի յայտնեց, որ արտաքին հետաքրքրութիւնը փաստ մըն է, որ Լիբանանի անկախութեան եւ գերիշխանութեան նկատմամբ յանձնառութիւն կայ:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Եգիպտոսի դեսպան Աշրաֆ Համտի մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէի հետ իր ունեցած հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ Եգիպտոս կը զօրակցի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի երկխօսութեան նախաձեռնութեան, որպէսզի Լիբանանը դուրս բերէ երկրին դիմագրաւած տագնապէն:
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Ատնան Մանսուր ընդունեց Լիբանանի մէջ Չինաստանի դեսպան Ուու Ճիչանը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-չինական երկկողմանի յարաբերութիւնները: Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի տապալման հաւանականութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ճիչան յայտնեց, որ անիկա սուրիական ներքին հարց մըն է, որուն Չինաստան միջամուխ չ՛ըլլար:

