ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ԷՄԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ Կ՛ՈՒԶԵՆ ՊԱՂԵՍՏԻՆԵՒԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՏԱԳՆԱՊԻ ԼՈՒԾՄԱՆ ՄԷՋ ԴԵՐ ՍՏԱՆՁՆԵԼ
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու գահաժառանգ շէյխ Մոտամետ պըն Զայետ Ալ Նահիան Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի հետ: Սպիտակ տունը հաղորդակցութեան մը մէջ յայտնեց, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են Միջին Արեւելքի մէջ հասարակաց ռազմավարական շահերը:
Թէեւ հաղորդագրութիւնը հանդիպումին մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններ չհաղորդեց, սակայն էմիրաթական լրատու գործակալութիւնը նշեց, որ Ապու Տապիի գահաժառանգը Օպամայի հետ քննարկած է «շրջանին մէջ կայունութեան ամրապնդման եւ ծայրայեղականութեան տարածման արգելակման երկկողմանի եւ միջազգային ջանքերը»:
Ըստ լրատու գործակալութեան, շէյխ Մոհամետ հանդիպումին ընթացքին պաղեստինեան եւ իսրայէլեան կողմերուն հետ անոնց միջեւ գոյութիւն ունեցող տագնապի լուծման ջանքերուն մէջ ամերիկեան վարչակազմի դերակատարութեան կարեւորութիւնը շեշտած է եւ «այս տագնապին խաղաղ լուծումի մը հասնելու համար Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու յառաջատար դերակատարութիւն մը ստանձնելու փափաքը» յայտնած է, թէեւ Սպիտակ տան հաղորդագրութիւնը այդ առնչութեամբ որեւէ ակնարկութիւն չի կատարեր: