«ՍԻ. ԱՅ. ԷՅ.»Ի ՂԵԿԱՎԱՐԸ ԳԱՂՏՆԱԲԱՐ ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՅՑԵԼԱԾ Է
Թրքական «Վաթան» օրաթերթը կը գրէ, որ «Սի.Այ.Էյ.»ի ղեկավար Լէոն Փանեթա մարտ ամսուան ընթացքին հնգօրեայ գաղտնի այցելութիւն մը տուած է Թուրքիա: Ըստ օրաթերթին, Փանեթա եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութեան անդամները Անգարայի մէջ գաղտնի հանդիպումներ ունեցած են Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութեան` ՄԻԹ-ի ղեկավար Հաքան Ֆիտանի, թրքական կառավարութեան անդամներու եւ զինեալ ուժերու սպայակոյտի ներկայացուցիչներու հետ:
Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուած են Լիպիոյ եւ Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակը, թուրք-իսրայէլեան յարաբերութիւնները, ՔԱԿ-ի առնչուող հարցերը:
CATEGORIES Միջազգային