«ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՏՐԱՍՏ Է ԸՆԴԱՌԱՋ ԵՐԹԱԼՈՒ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԵԱՆ» Կ՛ԸՍԷ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ

Անդրադառնալով արտախորհրդարանական ընդդիմութեան գործողութիւններուն` Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ «Վալեքս» ընկերութեան գրասենեակին մէջ պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն յայտնած է, որ իշխանութիւնը պատրաստ է ընդառաջ երթալու ընդդիմութեան: «Պառակտումը ոչ մէկ ժողովուրդի եւ ոչ մէկ երկրի երբեւիցէ լաւ բանի չէ յանգեցուցած, չարութեամբ որեւէ տեղ զարգացման խնդիրներ չեն կրցած լուծել», նշած է նախագահ Սարգսեան:

«Մենք ունինք ուժեղ իշխանութիւն, ունինք ընդդիմութիւն, որ թոյլ չի տար իշխանութիւններուն թուլացնել զգօնութիւնը, եւ համագործակցելով` մենք կրնանք մեր երկրին համար ապահովել լուրջ յաջողութիւններ:

Պատրաստ ենք լիցքաթափման քայլեր կատարելու եւ ես արդէն յանձնարարած եմ արդարութեան նախարարին ներկայացնել առաջարկներ», ըսած է նախագահ Սարգսեան:

Այս գծով տեղի ունեցող հանրահաւաքները, որոնք միտուած չեն «ջարդել-փշրել» հասկացողութիւնները զարգացնելու, այլ քաղաքական պայքարը տեղափոխելու որոշակի հարթակներ, կ՛ունենան դրական ազդեցութիւն, յոյս յայտնած է նախագահը` աւելցնելով, որ այս բոլորին հետեւանք կրնայ ըլլալ այն, որ հանրահաւաքները դարձեալ տեղի ունենան Ազատութեան հրապարակին վրայ: «Եւ եթէ իրադարձութիւնները այսպէս զարգանան, կը կարծեմ, որ մեր միացեալ ուժերով այդ հրապարակէն կրնանք մաքրել այն կեղծ պատկերացումները, որոնք այսօր կամ աւելի ճիշդ երէկ գոյութիւն ունէին իբրեւ ծայրայեղականութիւն սնող միջավայր», եզրափակած է ան:

 

Share this Article
CATEGORIES