ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ. ՄԻՆՉԵՒ 100-ԱՄԵԱԿ

Հայոց ցեղասպանութեան 96-ամեակի նշումը իրադրային կարեւորութիւն ներկայացնող հիմնական կէտով կը  յատկանշուի: Հայաստանի Հանրապետութեան բարձրագոյն մակարդակով յայտարարուած է նախապատրաստութիւն Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշումին: Համապետական մօտեցում է յայտարարուածը, համահայկական բովանդակութեամբ եւ համազգային ներկայացուցչութեամբ` Հայաստան – Լեռնային Ղարաբաղ – սփիւռք եռամիասնութեան ձեւաչափի առաւելագոյն նկատառումով:

100-ամեակի յանձնախումբին գործառոյթները իրենց մանրամասնութիւններով չեն բանաձեւուած անշուշտ, այսուհանդերձ աշխատանքի ընդհանուր ուղղուածութիւնը յստակ է: Գործառոյթներու յստակացումէն առաջ սակայն, երեւոյթը ինքնին արդէն որոշ խորհրդածութիւններու տեղի կու տայ:

Ամէն բանէ առաջ 100-ամեակը իրադրային դարձակէտ նկատի ունենալու եւ այժմէն իսկ նախապատրաստուելու նախագահական մակարդակով առնուած որոշումը քաղաքական յստակ պատգամ կը փոխանցէ ինչպէս ներազգային ուղղութեամբ, այնպէս ալ` Թուրքիոյ եւ համայն աշխարհին:

Հայութեան կարեւորագոյն հիմնախնդիրը ազգովին, համախմբուած եւ նպատակաուղղուած ձեւով արծարծելու հայեցակէտը քաղաքական որոշ փիլիսոփայութիւն կը ներփակէ իր մէջ: Կը կանխարգիլուի այս հարցին մէջ ներհայկական որեւէ հակասութիւն տեսնելու, ենթադրեալ հակասութիւններուն վրայ խաղալու, «հանդուրժողական» Հայաստանին եւ «ծայրայեղ» սփիւռքին միջեւ սեպ խրելու եւ իբրեւ թէ տեսնուած այդ տարբերութիւններուն վրայ խաղալով թշնամիին կողմէ երկխօսութեան գործընթացի շղարշ ստեղծելու միտումը:

Համազգային յանձնախումբի կազմութիւնը կը հարուածէ նաեւ թրքական ա՛յն մարտավարութիւնը, որ հարցին վաղեմիութեան մասին կը փորձէր տարածել անհիմն իրաւական բացատրութիւն, որուն համաձայն` 100-ամեայ ժամանակահատուածէ ետք, որեւէ միջազգային դատ կը կորսնցնէ իր իրաւական նշանակութիւնը: Նման որոշումի հրապարակում անուղղակի պատասխան է թրքական ապատեղեկատուութեան, որ պարզապէս ժողովրդային մակարդակի վրայ բարոյալքումի ալիք կը փորձէ յառաջացնել:

100-ամեակի նախապատրաստութիւնը քաղաքական նման մեկնաբանութիւններու նկատառումով դուրս կու գայ սոսկ ոգեկոչական հանդիսութիւններու կազմակերպումներուն նոր տարողութիւն ապահովելու պարունակէն: Մինչեւ 100-ամեակ եւս կարեւոր հանգրուան է: Համապետական- համազգային ներգրաւուածութեան նման համապատկեր մը կը յուշէ, որ նախապատրաստութեան փուլը կամ մինչեւ 100-ամեակը նոյնքան կարեւոր է, որքան ի՛նքը 100-ամեակը: Արդէն կը նախանշուի Ցեղասպանութեան հատուցումի իրաւական թղթածրարի պատրաստութեան անհրաժեշտութիւնը: Հայրենազրկումի կամ աւելի մասնակիօրէն Սեւրով ամրագրուած իրաւարար վճիռի ճշդած սահմաններուն այժմէական-իրաւական նշանակութեան մասին կը խօսուի հայկական դաշտի բոլոր կեդրոններէն: Հայաստանի Հանրապետութեան բարձրագոյն մակարդակէն սկսեալ:

Այս արդէն մինչեւ 100-ամեակ մեր պահանջատիրութեան նոր տարողութեան, նոր բովանդակութեան մասին կը խօսի: Տարողութիւն, որ նոր բարձրակէտեր ապահովելու նախադրեալները փոխանցած է արդէն: Ու թերեւս պատահական չէ, որ Թուրքիոյ ամէնէն հեղինակաւոր հրապարակախօսներէն Ալի Պիրանտ յայտարարած է, որ Թուրքիա լրջօրէն կը վախնայ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակէն:

100-ամեակի նախապատրաստութիւնը հատուցման իրաւական թղթածրարի պատրաստութեան փուլ է: Այս նախանիշը ունի արդէն պետական հնչեղութիւն եւ համազգային ներգրաւուածութիւն: Իսկ Պիրանտը իրաւացի է: Թուրքերը մտահոգ  են:

 

 

Share this Article
CATEGORIES