ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 96-ԱՄԵԱԿԻ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁՆԵՐՈՒ ԾԻՐԻՆ ՄԷՋ. ՄԻՈՒԹԻՒՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՄԱՐ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԶՕՐԱԿՑԻ ՀԱՅՈՑ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԵԱՆ

Միութիւն Լիբանանի Համար կազմակերպութիւնը երէկ շաբաթական իր հերթական նիստի աւարտին ողջունեց հայ ժողովուրդը` Ապրիլ 24-ի առիթով վերահաստատելով իր զօրակցութիւնը հայութեան իրաւունքներուն, յատկապէս որ լիբանանցիք եւս ապրած են նման տագնապ Օսմանեան կայսրութեան տիրապետութեան շրջանին: Ժողովականները նաեւ յիշեցուցին այն հալածանքները, որոնց ենթարկուած են նաեւ ասորիները, աշուրիները եւ քաղդէացիները:

Share this Article
CATEGORIES