ՍԱՄԻ ՊՐԱՔՍ ԵՐԿՈՒ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ՊԱՅՄԱՆԱԺԱՄ ԿՈՒ ՏԱՅ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ

Պենզինի կայաններու սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահ Սամի Պրաքս երէկ յայտնեց, որ ներկայ կացութիւնը անտանելի է` հաւանական նկատելով, որ քարիւղի մարզը եւս միանայ երթեւեկի փոխադրամիջոցներու բողոքի քայլերուն:

«Սաութ Լուպնան» ձայնասփիւռի կայանին կատարած իր յայտարարութեամբ Պրաքս շեշտեց, որ մարդիկ այլեւս անզօր են տոկալու, եւ երկու շաբթուան պայմանաժամ տուաւ կառավարութեան կազմութեան համար:

 

Share this Article
CATEGORIES