ՆԱԽԱՐԱՐ ՔԱՍՍԱՐ ՄԵԾԱՊԷՍ ԼԱՒԱՏԵՍԷ ԱՐԱԲԵՒԹՐՔԱԿԱՆ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԿԱՊԵՐՈՒ ՍԵՐՏԱՑՄԱՆ ԳԾՈՎ

«Համոզուած եմ, որ շրջանային պատմական իրադարձութիւնները պիտի նպաստեն` Թուրքիոյ եւ արաբական աշխարհին միջեւ տնտեսական գործակցութեան սերտացման ու ընդարձակման», յայտարարեց Արաբական առեւտուրի գրասենեակներու միութեան նախագահ, նախկին նախարար Ատնան Քասսար` Պոլսոյ մէջ կայացած տնտեսական համագումարին առիթով: Արաբ թէ օտար 22 պետութիւններէ 500 գործատէրերու մասնակցութեամբ եւ Թուրքիոյ վարչապետին հովանաւորութեամբ կայացող տնտեսական համագումարին իր մասնակցութեան առիթով խօսելով` Քասսար ընդգծեց, որ նշեալ կապերը առաւել եւս ամրապնդուեցան Գերագոյն խորհուրդի կազմութենէն ետք, որուն մաս կը կազմեն Լիբանան, Սուրիա, Յորդանան եւ Թուրքիա:

 

 

Share this Article
CATEGORIES