ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

ՀՌՈՄԻ Պենետիկտոս ԺԶ. պապի յատուկ քարտուղար գերապայծառ Նիքոլաոս Զիվնըն երեքշաբթի օր վերադարձած է Հռոմ` Ս. Զատկուան արձակուրդը Լիբանանի մէջ անցնելէ ետք: Ան այս առիթով լուսարձակէ հեռու զանազան հանդիպումներ եւ խորհրդակցութիւններ ունեցած է լիբանանեան հոգեւոր թէ քաղաքական բարձրաստիճան պատասխանատուներու հետ:

ՄԱՐՈՆԻՆԵՐՈՒ Պշարա Ռայի պատրիարքը վաղը` ուրբաթ, 29 ապրիլին պիտի մեկնի Հռոմ` ներկայ գտնուելու Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապի երանացման արարողութեան, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ կիրակի, 1 մայիսին:

Այս առիթով մարոնիներու պատրիարքը յատուկ խորհրդակցութիւններ պիտի ունենայ Վատիկանի թէ իտալացի բարձրաստիճան պատասխանատուներուն հետ` լիբանանեւիտալական յարաբերութեանց եւ լիբանանեան հրատապ հարցերու շուրջ:

ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ «Ուաթան» թերթը հաղորդեց, որ ՄԱԿ-ի մօտ Լիբանանի մնայուն դեսպանին ստացած ցուցմունքները` մերժելու Ապահովութեան խորհուրդի որեւէ որոշում, որ կ՛ակնարկէ Սուրիոյ վարչակարգին, կու գան ջրելու սուրիական իշխանութեանց դէմ դատապարտող հաստատում մը հրապարակելու միջազգային ճիգերը:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլը: Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման Քաթարի դեսպան Սաատ Մուհաննատիի հետ քննարկեց լիբանանեան ու յատկապէս շրջանային վերջին իրադարձութիւնները:

ԵՐԷԿ իր մահկանացուն կնքեց Դատական գերագոյն խորհուրդի նախկին նախագահ դատախազ Թանիոս Խուրին:

ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ կնոջ իրաւունքներու Ազգային խորհուրդը երէկ կոչ ուղղեց մասնակցելու վաղը` ուրբաթ, 29 ապրիլի յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին խորհրդարանին առջեւ կայանալիք ցոյցին` առ ի բողոք տիրող ընկերային-տնտեսական տագնապին եւ պահանջելու համար արմատական լուծումներ:

 

Share this Article
CATEGORIES