ԵՐԷԿՈՒԱՆ ԻՐԵՆՑ ԲՈՂՈՔԻ ՑՈՅՑԵՐԷՆ ԵՏՔ ՎԱՐՈՐԴՆԵՐ ԻՐԵՆՑ ԻՆՔՆԱՇԱՐԺՆԵՐՈՒ ՃՉԱԿՆԵՐՈՎ «ԱՀԱԶԱՆԳ» ՊԻՏԻ ՀՆՉԵՑՆԵՆ ԱՅՍՕՐ

Ցամաքային երթեւեկի փոխադրամիջոցներու` ինքնաշարժներու, պասերու թէ բեռնակառքերու վարորդներ այս առաւօտ ժամը 10:00-էն սկսեալ 15 վայրկեան տեւողութեամբ միաժամանակ պիտի արձակեն իրենց փոխադրակառքերուն ճչակները` «ահազանգելով» տիրող «անհանդուրժելի» ընկերային-տնտեսական կացութեան դէմ:

Անոնք երէկ բողոքի ցոյցեր կազմակերպած էին Պէյրութի գրեթէ բոլոր գլխաւոր մայրուղիներուն վրայ` իրենց զայրոյթը արտայայտելով պենզինի սակագիներու բարձրացման, համապատասխան կառոյցներու անտարբերութեան, վարորդներու իրաւունքներուն եւ այլ հրատապ պահանջներու գծով:

 

Share this Article
CATEGORIES