Սենտիքայական Համակարգումի Խորհուրդը Գործադրեց Ընդհանուր Գործադուլ Մը

Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը երէկ գործադրեց ընդհանուր գործադուլ մը, որուն շրջագիծին մէջ կարգ մը շրջաններու դպրոցները մնացին փակ:

Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդի նախագահ Հաննա Ղարիպ շեշտեց, որ յառաջիկային խորհուրդը մագլցողական քայլերու պիտի դիմէ:

Իր կարգին, ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատի յայտնեց, որ ներկայիս իրենք Կեդրոնական դրամատան կառավարիչին կարծիքը առած են պետական մարզի պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձի յաւելումներուն գծով, եւ ան յանձնարարած է լաւապէս սերտել եւ ապա գործադրել:

Սաֆատի աւելցուց, որ այդ պատճառով ալ կառավարութիւնը շուրջ երեք շաբթուան ժամանակ տուած է ինքնիրեն` քննարկումներ կատարելու եւ այդ յաւելումներուն ֆինանսաւորումը ապահովելու, առաջքը առնելու համար յառաջիկայ քայլերուն:

Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդին գործադուլին անդրադառնալով` Սաֆատի յայտնեց, որ իրենք կրնան խորհուրդին միօրեայ կամ երկօրեայ գործադուլը հանդուրժել, սակայն չեն կրնար երկրին տնտեսական կացութիւնը քանդել:

 

Share this Article
CATEGORIES