Պըրրի. «Քարիւղի Մարզի Տնօրինման Խորհուրդին Նշանակումը Նուաճում Է»
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շեշտեց, որ քարիւղի մարզի տնօրինման խորհուրդին նշանակումը քայլ մըն է, որ ներկայ կառավարութեան կատարած աշխատանքներուն մէջ պիտի արձանագրուի իբրեւ նուաճում, որ բոլոր լիբանանցիներուն օգտին պիտի ըլլայ:
Խորհրդարանի նախագահը շեշտեց, որ քարիւղին շնորհիւ Լիբանան պիտի կարենայ բարելաւել իր տնտեսական կացութիւնը եւ լուծել երկրին պետական գանձարկղին մէջ արձանագրուած նիւթական բացի հարցը:
Միւս կողմէ, Այն Թինէի մէջ Պըրրի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Զուիցերիոյ դեսպան Ռութ Ֆլինթը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Պըրրիի տեղեկատուական հարցերու խորհրդական Ալի Համտան:
Պըրրիի այցելեց նաեւ Ժամաա Իսլամիէի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին կուսակցութեան քաղաքական գրասենեակի նախագահ Ազզամ Այուպի եւ երեսփոխան Իմատ Հութ:
Հանդիպումէն ետք Այուպի շեշտեց, որ երկխօսութիւնը հիմնական սկզբունք մըն է, որ կարելի չէ մերժել:


