Վարչապետ Միքաթի. «Կը Հասկնանք Աշխատաւորներուն Կոչը, Սակայն Մենք Պատասխանատու Ենք Նաեւ Երկրին Տնտեսական Կայունութեան»

Մոհամետ Ֆընէյշ եւ վարչապետ Միքաթի

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ ընդունեց շարք մը անձնաւորութիւններ, որոնց հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները:

Այցելուներուն ներկայութեան, վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ աշխատավարձի յաւելումներուն թղթածրարը ժխտական մօտեցումով կարելի չէ լուծել եւ ոչ ալ մագլցողական քայլերով:

«Այդ թղթածրարը կը լուծուի պետական մարզի պաշտօնեաներուն իրաւունքները ապահովելով եւ աշխատավարձի յաւելումները ֆինանսաւորելով», ըսաւ վարչապետ Միքաթի:

Վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ նախանցեալ օր կառավարութիւնը լրջօրէն քննարկած է աշխատավարձի յաւելումներուն հարցը, ինչպէս նաեւ երկրին տնտեսական իրավիճակը: Այս առումով կառավարութիւնը կապեր հաստատած է նաեւ ելեւմտական մարզի տեղական թէ միջազգային պատասխանատուներուն հետ:

Միքաթի շեշտեց, որ իրենք կը հասկնան աշխատաւորներուն եւ պաշտօնեաներուն կոչը, սակայն ի վերջոյ իրենք նաեւ պատասխանատու են երկրին տնտեսական կայունութեան եւ չեն կրնար տալ այնպիսի որոշումներ, որոնք կրնան հարուածել երկրին տնտեսութիւնը:

Ան աւելցուց, որ կառավարութեան յաջորդ նիստին պիտի քննարկեն աշխատավարձերու յաւելումները ֆինանսաւորելու կարելիութիւնները:

Նշենք, որ վարչապետին այցելուներէն եղան նախարարներ Մոհամետ Ֆընէյշ, Ղազի Արիտի եւ Ժըպրան Պասիլ, Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլի եւ Թրիփոլիի եւ հիւսիսային Լիբանանի միւֆթի շէյխ Մալեք Շաար:

Share this Article
CATEGORIES