«Սուրիոյ Մէջ Առեւանգուած Քաղաքացիներուն Թղթածրարը Շահագործող Կողմերը Մեղսակից Են Լիբանանցիներուն Առեւանգումին» Շեշտեց Շէյխ Զուղէյպ
Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներու թղթածրարին հարցին հետեւելու նպատակով շիիներու գերագոյն խորհուրդին կողմէ նշանակուած շէյխ Ապպաս Զուղէյպ շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական կարգ մը կողմեր ներքին հաշիւներով կը փափաքին շահագործել առեւանգուած լիբանանցիներուն թղթածրարը: Ան նշեց, որ ներքին հաշիւներուն մաս կը կազմէ նաեւ կառավարութեան տապալումը:
«Հետեւաբար առեւանգեալներուն թղթածրարը շահագործող կողմերը մեղսակից են լիբանանցիներուն առեւանգումին, եւ կը հաստատենք, որ այս թղթածրարին միակ պատասխանատուները թուրքերն են», շեշտեց շէյխ Զուղէյպ:
CATEGORIES Լիբանանեան

