Պքերքէի Մէջ Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Շնորհաւորութիւններ
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ շնորհաւորութիւններ ընդունեց իր կարտինալ ընտրուելուն առիթով:
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն այցելեց Ռայի պատրիարքին, որուն շնորհաւորեց կարտինալ ընտրուելուն առիթով:
Հանդիպումէն ետք զօր. Աուն շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ ապահովական կայունութիւնը պիտի պահպանուի` աւելցնելով, որ երկրին մէջ լարուածութեան գրգռումը կամ կացութեան հանդարտեցումը կախեալ է արտասանուող քաղաքական ճառերէն:
Զօր. Աուն շեշտեց, որ ինք Ռայի պատրիարքը շնորհաւորած է անոր կարտինալ ընտրութեան առիթով, ինչպէս նաեւ քննարկած է Լիբանանի քաղաքական տագնապէն համաձայնաբար դուրս գալու կարելիութիւնը:
Առաւօտեան Ռայի պատրիարքը ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրին, որ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորէն շնորհաւորագիր մը յանձնեց Ռայի պատրիարքին:
Ասիրի շեշտեց, որ Ապտալլա թագաւորը բարձր կը գնահատէ կրօններուն միջեւ երկխօսութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը եւ յանձնառու է Լիբանանի ազգային միասնականութեան պահպանումին:
Ռայի պատրիարքին այցելեց նաեւ պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսընը, որ պատրիարքին փոխանցեց իր շնորհաւորութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ղոսըն շեշտեց, որ կառավարութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ գոհացնելու համար լիբանանցիները եւ անոնց ընծայելու համար իրենց իրաւունքները:
Ղոսըն հաստատեց, որ Լիբանան Ռայի պատրիարքին նման անձնաւորութեան մը կարիքը ունի` բոլորին միջեւ հեռաւորութիւններուն վերջ տալու եւ անոնց միջեւ ատելութիւնը թեթեւցնելու համար:
Ղոսըն ընդգծեց, որ Լիբանանի մէջ արձանագրուած քաղաքական այս սուր երկփեղկումին լոյսին տակ Պքերքէի դերակատարութիւնը պիտի ըլլայ մղիչ ուժ:
Ռայի պատրիարքին շնորհաւորութիւններ փոխանցեցին նաեւ բանակի գաղտնի սպասարկութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Էտմոն Ֆատել, դատաւոր Ռաշիտ Մըզհեր, մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոս, նախկին նախարար Ֆարես Պուէյզ եւ Լիբանանեան համալսարանի նախագահ Ատնան Սէյիտ Հիւսէյն:


