Նախագահ Սլէյման Քննարկեց Քաղաքական Եւ Ապահովական Շարք Մը Հարցեր

Նախագահ Սլէյման եւ ընդհանուր դատախազ Հաթեմ Մատի

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման նախագահական պալատին մէջ երէկ հանդիպումներ ունեցաւ երեսփոխաններ Էլի Մարունիի եւ Իմատ Հութի հետ, որոնց հետ քննարկեց երկրին քաղաքական իրադարձութիւնները:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ ընդհանուր դատախազ Հաթեմ Մատի: Քննարկուեցան ընդհանուր դատախազութեան եւ դատական իշխանութիւններուն վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ դատարաններուն մէջ ընթացող աշխատանքները:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Էտմոն Ֆատել, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց ապահովական եւ զինուորական միջոցառումները` լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Ռեմոն Խաթթարը, որուն հետ քննարկեց այդ ուժերուն վերաբերող հարցեր:

Share this Article
CATEGORIES