Թուրքիա Դարձեալ Խուզարկեց Հալէպ Ուղղուող Հայկական Օդանաւը
«Օգնի՛ր եղբօրդ» նախաձեռնութեան ծրագիրով ուղարկուած մարդասիրական օգնութեան հերթական օդանաւը երէկ կէսօրուան ժամը 12:00-ին էջք կատարեց Հալէպի օդակայանին մէջ: Մինչ այդ, ըստ նախապէս գոյացած համաձայնութեան, օդանաւը առաւօտեան ժամը 6:10-ին էջք կատարեց Էրզրումի օդակայանին մէջ` ապահովութեան նկատառումներով, եւ խուզարկման ենթարկուեցաւ:
Տեղի ունեցաւ խիստ խուզարկում, որ տեւեց քանի մը ժամ: Թրքական պետական մարմինները փորձանմուշներ վերցուցին առաքուած ապրանքներէն: Թրքական լրատուամիջոցները շտապեցին օդանաւի էջքին մասին տեղեկութիւններ հրապարակելու, սակայն այս անգամ գրեթէ բոլորը խուսափեցան զգայացունց տեղեկութիւններ հրապարակելէ, ինչպէս պատահած էր նախորդ անգամ:
Յիշեցնենք, որ այսպիսի դէպք մը պատահած էր 15 հոկտեմբերին` 14 թոն կշիռով բեռը Սուրիա ուղարկելու ժամանակ, սակայն աւելի ուշ ի յայտ եկած էր, որ իրականութեան մէջ ոչ թէ պարտադիր, այլ ծրագրուած, նախապէս համաձայնեցուած էջք տեղի ունեցած էր: Բեռի խուզարկութենէն ետք հայկական օդանաւը շարունակած էր իր ճանապարհը:
«Օգնի՛ր եղբօրդ» նախաձեռնութեան երկրորդ` շուրջ 2 թոն կշռող բեռը ուղարկուած էր Սուրիական օդանաւային ընկերութեան միջոցով` շրջանցելով Թուրքիան: Այդ բեռը Հալէպ հասած էր Իրան-Իրաք օդային ճամբով:
Ինչպէս տեղեկացուց նախաձեռնութեան համակարգող, Հայաստանի խորհրդարանի Դաշնակցութիւն խմբակցութեան անդամ Վահան Յովհաննիսեան, բեռնատար «Անթոնով Ան 12» տիպի օդանաւը Հալէպ տեղափոխած է 13 թոն բեռ, որ բացառապէս սնունդ է: Հաշուի առնելով եղանակային պայմանները, օդի ցրտութիւնը` այս անգամ կարելի եղած է առաքել նաեւ չոր կաթ եւ պանիր:
Թրքական «Զաման» օրաթերթի կայքէջը երէկ հաղորդեց, որ թրքական իշխանութիւնները «իրենց էջք կատարել ստիպած» հայկական օդանաւին մէջ որեւէ զէնք չեն գտած: «Իշխանութիւնները օդանաւին մէջ միայն սննդեղէն գտան, ինչ որ բեռի վերաբերեալ Հայաստանի յայտարարածին համահունչ է»:
Ըստ «Զաման»-ի, իշխանութիւնները օդանաւին մէջ 15 թոն սննդեղէն եւ մարդասիրական օժանդակութիւն գտած են:
«Թուրքիա Այս Միջադէպը Օգտագործեց
Քարոզչական Նպատակներու Համար»
Ըսաւ Վ. Եագուպեան
Դէպի Հալէպ մարդասիրական օժանդակութիւններ փոխադրող հայկական օդանաւին Թուրքիոյ մէջ էջք կատարելուն առնչութեամբ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան շեշտեց, որ օդանաւը խուզարկելու պարագան սովորական գործառնութիւն մըն է, եւ այդ համաձայնութիւնը նախապէս գոյացած է հայկական օդանաւային ընկերութեան եւ թրքական կողմին միջեւ:
Ան յայտնեց, որ «Օգնի՛ր եղբօրդ» նախաձեռնութեան ուղարկած օդանաւը կը պարունակէ 13 թոն սննդամթերք, որ Սուրիոյ ժողովուրդին տրամադրուած է Հայաստանի կողմէ:
Վ. Եագուպեան նշեց, որ այդ օժանդակութիւնները պիտի տրամադրուին սուրիական Կարմիր մահիկին եւ Բերիոյ հայոց թեմին:
«Սակայն Թուրքիա նախորդ անգամուան նման այս միջադէպը օգտագործեց քարոզչական նպատակներու համար, որպէսզի ցոյց տայ, թէ ինք պարտադրած է օդանաւին Էրզրում էջք կատարել», ըսաւ Վ. Եագուպեան:

