Ժիւտօ. Կիպրոսի Մրցաշարք. Լիբանան Հանդիսացաւ Առաջին` Տիրանալով 4 Ոսկի Մետալի
Նախանցեալ օր Կիպրոսէն Պէյրութ վերադարձաւ Լիբանանի ժիւտոյի պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելով հիւրընկալ երկրին կողմէ կազմակերպուած միջազգային մրցաշարքի մը, որուն մասնակցեցան Յունաստան, Ռուսիա, Մոլտաւիա, Պուլկարիա, Վրաստան, Լիթուանիա, Լիբանան եւ Կիպրոս (4 խումբով):
Մրցաշարքին աւարտին Լիբանան տիրանալով չորս ոսկի մետալի գրաւեց ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը:
Լիբանանի ոսկի մետալ ապահովեցին Ժունիոր Սաատէ, Ժատ Ֆատել, Ուասիմ Իտ եւ Քարեն Շամմաս:
Իսկ պրոնզէ մետալներու տիրացան Ժորժ Մըրհեպ, Սթիւըն Ազար եւ Մայքըլ Մըրհեպ:
CATEGORIES Մարզական

