Ճատրակ. Աշխարհի Պատանիներու Ախոյեանութիւն. Հայաստան Իր Մասնակցութիւնը Կը Բերէ 16 Խաղցողներով

Ինչպէս ծանօթ է, 7-18 նոյեմբերին Մարիպորի մէջ (Սլովենիա) տեղի պիտի ունենան աշխարհի ճատրակի պատանիներու (երկսեռ) ախոյեանութեան մրցումները:

PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ այս ախոյեանութեան Հայաստան իր մասնակցութիւնը կը բերէ 16 խաղցողներով` 8, 10, 12, 14, 16 եւ 18 տարեկանէն վար դասակարգերուն մէջ:

Հայկական աղբիւրը կը նշէ, որ 18 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ Հայաստանի կազմին մէջ են Կարէն Գրիգորեան, Յովհաննէս Կապուզեան եւ Տիգրան Պետրոսեան, որոնք Հայաստանի պատանիներու հաւաքականին հետ 2010-ին տիրացան միջազգային ողիմպիականի ոսկի մետալին:

Նշենք, որ ախոյեանութիւնը բաղկացած պիտի ըլլայ 11 հանգրուաններէ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES