50 Տարի Առաջ (10 Նոյեմբեր 1962)

Հայ Կեանք

Հայաստան

Աւետիք Իսահակեանի
Յիշատակին

Քերթողին մահուան հինգերորդ տարելիցին առթիւ Երեւանի պանթէոնին մէջ բացումը կատարուեցաւ անոր դամբանին վրայ հաստատուած որձաքարէ կիսանդրիին, գործ` քանդակագործ Ս. Բաղդասարեանի:

Պատուանդանին վրայ փորագրուած են ուղտերու կարաւան մը եւ սիրահարած ուռենին` իբրեւ խորհրդանիշ Ա. Իսահակեանի քերթուածներուն պսակը նկատուող «Աբու Լալա Մահարի»-ի քերթողագրքին:

Բացումին առթիւ աւուր պատշաճի խօսք առած են` Էդ. Թոփչեան, Ստ. Զօրեան, Արամ Ինճիկեան եւ Ս. Կապուտիկեան:

Հայագէտ Չեխուհին

Ժամանակէ մը ի վեր Երեւան կը գտնուի հայագէտ չեխուհի մը` 27 տարեկան, Լութմիլա Մոթալովա:

Առաջին անգամ հայերը ճանչցած եւ սիրած է կարդալով Ֆրանց Վերֆելի ծանօթ «Մուսա լերան քառասուն օրերը»` չեխերէնով: 1954-ին գացած է Փրակա` սորվելու համար բանասիրական գիտութիւններու հիմնարկութեան մէջ` ռուսերէն, լեհերէն եւ հայերէն: Հիմնարկութեան մէջ հայկական բաժին մը ստեղծուած էր փրոֆ. Եալիշքայի ղեկավարութեան տակ:

Հայագէտ օտարուհին չեխերէնի թարգմանած եւ հրատարակած է Եղիշէ Չարենցի բանաստեղծութիւններ, Աւետիք Իսահակեանի արձակ գործերը աւարտած եւ տպագրութեան յանձնած է Մկրտիչ Արմէնի «Հեղնար աղբիւրը» եւ Ա. Իսահակեանի «Աբու Լալա Մահարի»-ն:

Ներկայիս կ՛աշխատի հայ գրականութեան նուիրուած ակնարկի մը վրայ, որ մէկ մասը պիտի ըլլայ Չեխոսլովաքիոյ ակադեմիային կողմէ հրատարակուելիք մեծ աշխատութեան մը` Արեւելքի ժողովուրդներուն մասին:

Ականաւոր Հիւրեր

Վերջերս Հայաստան այցելած են անգլիացի գրագէտ մը` Ճոն Փրեսթլի եւ իր կինը` Ճ. Հոքսի, «Օպզըրվըր» թերթի հնագիտական բաժնի թղթակիցը: Գրական զրոյցներուն առընթեր, անգլիացի հիւրերը այցելած են Արինբերդ, ուր Ուրարտուի պատմութեան վերաբերեալ շահեկան տեղեկութիւններ հաղորդած է ակադեմական Կ. Յովհաննէսեան:

Բամպակի Բերքը

Կառավարութեան ծրագրով Հայաստանի կոլտնտեսութիւնները պարտաւորուած են այս տարի հաւաքել 32,000 թոն բամպակ: Դժբախտաբար, ինչպէս կը գրեն Երեւանի թերթերը, բերքահաւաքի աշխատանքները Հայաստանի մէջ «անբաւարար» կ՛ընթանան: «Գրեթէ բոլոր գիւղերուն մէջ, կը գրէ «Սովետական Հայաստան» իր հոկտեմբեր 18-ի թիւով, դաշտերը ճերմկած են, բայց քիչ թիւով մարդիկ աշխատանքի լծուած են»:

 

Հայերը Եթովպիոյ Մէջ

Գաղութը Կը Բաղկանայ
1200
Հայերէ Եւ Վարժարանը Ունի
170
Աշակերտ

Ատիս Ապեպայէն ընթերցող մը հետեւեալ տեղեկութիւնները ղրկած է «Արեւելք»-ին` Եթովպիոյ հայութեան մասին.-

Ատիս Ապեպայի մէջ կայ Ս. Գէորգ հոյակապ եկեղեցին, որ հայկական ոճով շինուած է եւ` հսկայ ծառերով եւ արեւադարձային գեղեցիկ տունկերով շրջապատուած: Ատիս Ապեպա քաղաքը, արդէն, ծովէն 2400 մ. բարձրութեան վրայ կը գտնուի, գեղեցիկ պարտէզ մըն է (Ատիս Ապեպա կը նշանակէ «նոր ծաղիկ»):

Առաջնորդարանը, որ գեղեցիկ շէնք մըն է եւ` ամէն յարմարութիւններով օժտուած, կը գտնուի Հայլէ Սելասի անունով ամէնէն նշանաւոր պողոտային վրայ: Առաջնորդարանին կից կը գտնուի Գէորգոֆ ազգ. վարժարանը` օժտուած ընդարձակ խաղավայրերով եւ լուսաւոր դասարաններով:

Վարժարանը կը յաճախեն 170 երկսեռ աշակերտներ:

Գաղութը կը հաշուէ մօտաւորապէս 1200 անձ,  բոլորն ալ` բարեկեցիկ: Յարանուանական եւ կուսակցական վէճեր գոյութիւն չունին: Գաղութային ժողովի փոխատենապետը հայ կաթողիկէ մըն է` Էլիաս Ճերահեան, ազգանուէր մը, իսկ ատենապետն է Պերճ Պապայեան: Ունինք կօշիկի, կաշիի եւ սուրճի մեծահարուստ գործարանատէր, ինչպէս` Տարագճեան, Սվաճեան, Սեֆերեան, որոնց գործարաններուն մէջ կ՛աշխատին հարիւրաւոր գործաւորներ:

Եթովպիոյ մէջ հայ գաղութը սկսած է կազմուիլ 70 տարի առաջ:

Հայերը մեծամասնութեամբ հաստատուած են մայրաքաղաքին մէջ, ուր գիշերը ցուրտ կ՛ընէ եւ ցերեկը` տանելի տաք, գրեթէ ամբողջ տարին գարունը կը տիրէ:

 

ՀՄԸՄ Հալէպ Կը Յաղթէ
Իրաք
Ոստիկանութեան Խումբին
2-1

Հալէպէն կը գրեն.-

Կիրակի, 3 նոյեմբեր, Հալէպի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ իրաքեան ոստիկանական խումբին ու ՀՄԸՄ-ի միջեւ առաջին միջազգային բարեկամական հանդիպումը` ներկայութեամբ մօտ 10 հազար հանդիսականներու, Հալէպի կրթական տնօրէնին, Իրաքի հիւպատոսին եւ մրցման հովանաւորութիւնը ստանձնած Հալէպի նահանգապետ Միֆաաթ Զրէյքը (քաղաքէն մեկնումին պատճառով) փոխանորդաբար ներկայացնող Հալէպի ոստիկանութեան ընդհ. տնօրէն Մոհամետ Սեմմենի ու բարձրաստիճան պետական եւ զինուորական անձնաւորութեանց:

Խաղը եղաւ շատ հետաքրքրական: Երկուստեք մերթ ընդ մերթ վտանգեցին իրարու բերդերը: Խաղի 4-րդ վայրկեանին Գէորգ իրաքեան բերդին առջեւ խառնաշփոթ պահէ մը օգտուելով` նշանակեց առաջին կէտը: Բ. կիսախաղէն ետք խաղը աւելի հետաքրքրական դարձաւ. Գօգօ նշանակեց ՀՄԸՄ-ի 2-րդ կէտը` խաղի բերելով հիւրերուն յետսապահ գիծը: Հիւր խումբին միակ կէտը նշանակեց թիւ 10, Սարգիս Քէօշկէրեան (ՀՄԸՄ-ական), իրաքեան խումբէն լաւ խաղարկութիւն ցուցադրեցին թիւ 7` Շեմել, թիւ 3` Ժիլպեր, թիւ 8` Արմիկ Սահակեան, թիւ 9` Ապըտ Քազեմ եւ թիւ 6` Ետիկ Մելքոնեան:

 

Share this Article
CATEGORIES