Բնութիւնը Սիրող Ընտանիք Մը
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Անճելօ, Անճելա եւ անոնց երեք աղջիկները կ՛ապրին Սիկիլիոյ մէջ, Իտալիոյ հարաւը: Անոնք կը փորձեն կարելի եղածին չափ համերաշխ ապրիլ զիրենք շրջապատող բնութեան հետ:
Իրենց երազներու տունը գտնելը դիւրին չէ եղած Անճելոյին եւ Անճելային համար: Անոնք ամբողջ Իտալիան շրջած են բազմաթիւ տարիներ` վերջապէս այդ վայրի բլուրի գագաթին հաստատուելէ առաջ: Այժմ անոնք հոն կ՛ապրին իրենց երեք աղջիկներուն հետ: Անոնց ծրագիրն է` համերաշխ ապրիլ զիրենք շրջապատող բնութեան հետ:
***
Անոնց տան շուրջ միայն կանաչութիւն է… երեք աղջիկները իրենց ամբողջ ժամանակը տունէն դուրս կ՛անցընեն: Անոնք կը խաղան իրենց շուրջը գտնուած տարրերով` ճիւղ կամ քար, եւ անոնք յաճախ ծաղիկի փունջեր կը կազմեն:
Երբեմն գիշերը ամբողջ ընտանիքը կը հաւաքուի մեծ կրակի մը շուրջ: Երբ կը մթննայ, բոլորը կ՛երթան քնանալու, որովհետեւ յաջորդ առտու անոնք արեւուն հետ պիտի արթննան:
Ընտանիքը միայն բնական նիւթեր կը գործածէ: Օրինակի համար, ամանները լուալու համար ծնողները կը գործածեն մոխիր, որ պնակներու իւղը շատ լաւ կը հանէ: Ելեկտրականութիւն ունենալու համար անոնք հովով բանող սարքեր եւ արեւուն ճառագայթները օգտագործող հայելիներ դրած են:
Անճելա, Անճելօ եւ անոնց զաւակները իրենց բանջարեղէնները իրենց բանջարանոցին մէջ անձամբ կը մշակեն: Անոնք իրենց տան մօտակայ ծառերուն պտուղներն ալ կը քաղեն: Անոնք միայն բնական նիւթերով ճաշեր կ՛եփեն, կը թխեն իրենց հացը, կը պատրաստեն անուշները: Նախաճաշերը միշտ շատ համով կ՛ըլլան:
Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ
- Կ՛ենթադրուի, որ Լուսնթագի լուսիններէն մէկուն` Եւրոպայի վրայ երկրագունդի բոլոր ովկիանոսներուն ջուրերէն աւելի ջուր կայ:
- Աշխարհի վրայ ամէնէն շատ գողցուած ուտելիքը պանիրն է:
- Հոլանտայի մէջ ամէն տարի տեղի կ՛ունենայ շիկահեր անձերու փառատօն մը:
- «Stop»-ի առաջին նշանները սեւ եւ ճերմակ էին:
- Ելակ մը միջին հաշուով 200 կուտ ունի:
- Կարմիր «M2M»-ներ չարտադրուեցան 1976-1987 թուականներուն միջեւ:
- Աւստրալիոյ մէջ երաժիշտներ տուին շատ բարձր ալիքներով ռոք երաժշտութեան նուագահանդէս մը, զոր միայն շուները կրնային լսել:
- Միլիոնաւոր տարիներ առաջ Աւստրալիոյ մէջ գոյութիւն ունէր թռչուն մը, որ բեւեռային արջի մը մեծութիւնը ունէր:
- Նախապէս հրշէջներուն փոխադրակառքերը կարմիր ներկուած էին, որովհետեւ անիկա ամէնէն աժան ներկն էր:
- Կարգ մը ծովամայրեր կը փայլին:
- Ամէն տարի տեղի կ՛ունենայ ֆութպոլ խաղացող մարդամեքենաներու ախոյեանութիւնը` «Ռոպոքափ»:
Մեծ Վարձատրութիւն
Ամերիկացի մը, որ մեծ գումար մը շահած էր վիճակահանութենէն, վեց տարի սպասած է զայն պահանջելէ առաջ: Ան պէտքը չէր զգացած, որովհետեւ անմիջապէս այդ դրամին պէտք չունէր:
***
Անտի Աշքար մօտաւորապէս 5 միլիոն տոլար շահած է վիճակահանութենէն… 2006 թուականին: Սակայն ան սպասած է վեց տարի` իր դրամը պահանջելու համար, իր տոմսակին վաւերականութեան վերջաւորութենէն 11 օր առաջ:
Սակայն ինչո՞ւ ան այսքան երկար ժամանակ սպասած է: Պարզապէս որովհետեւ ան վախցած է, թէ այդ ամբողջ դրամը իր կեանքը փճացնէ: Հետեւաբար ան ոչ մէկուն յայտնած է իր շահած ըլլալուն մասին, յատկապէս` իր նշանածին, վախնալով, որ ան իրեն հետ ամուսնանայ դրամին համար: Ամուսնութենէն ետքն է, որ ան իր կնոջ կը յայտնէ, թէ ինք շահած է շատ մեծ գումար մը:
Սակայն ինքն ու իր կինը որոշած են տակաւին սպասել` համարելով, թէ իրենց ունեցածը արդէն բաւարար էր իրենց` ուրախ կեանք մը ապահովելու:
Վերջապէս, անոնք այլեւս միլիոնատէր կը սեպուին: Իսկ Անտի այս գումարէն բաժին մը տուած է իր եղբօր` անոր մեծ անակնկալ մը պատճառելով:
Ծովուն Մէջի Շիշը
Մոնրէալէն, Քանատա, 12 տարեկան աղջնակներ` Շարլեն Տալփէ եւ Քլոտիա Կառնօ իրենց արձակուրդը կ՛անցընեն Քեպեքի շրջանին մէջ, երբ կ՛որոշեն նամակ մը գրել, զայն շիշի մը մէջ դնել եւ շիշը ծովը նետել: Այս պատահարը տեղի կ՛ունենար յունիս 2004-ին:
***
2012-ի հոկտեմբեր ամսու կէսերուն 9 տարեկան իրլանտացի մանչուկ մը իր տան մօտ, ծովափին կը գտնէ կերպընկալէ շիշ մը: Իրլանտայի ծովափին սաստիկ հովեր փչած էին վերջին օրերուն, եւ ալիքները բազմաթիւ առարկաներ նետած էին ծովափին վրայ: Փոքրիկ տղան` Ուազին, սկիզբը կարծած է, թէ շիշին մէջի թուղթը պարզ պիտակ մըն է, սակայն երբ ան նշմարած է, թէ շիշին կափարիչը ամրացուած է աղջկան մը մազերու կապով, ան զայն բացած է: Անոր մէջի նամակը չէր փճացած:
Ուազին նամակէն բան մը չէ հասկցած, որովհետեւ ֆրանսերէն գրուած էր: Սակայն ան նշմարած է, թէ դրուած է թուականը եւ ե-նամակի հասցէ մը:
Շիշը կտրած է Ատլանտեան ովկիանոսը, ելած էր դէպի Սուիրի գետաբերանը, Իրլանտա, ուր Ուազին զայն գտած է, երբ ընկերներուն հետ կը խաղար: Աղջիկները իրենց մականունները չէին դրած նամակին մէջ, իսկ ե-նամակի հասցէն այլեւս գոյութիւն չունէր:
Սակայն, շնորհիւ Ատլանտեանի երկու կողմերը պատկերասփիւռէն յայտագիրներու եւ ընկերային կայքէջներու ցանցերուն, կարելի եղած է վերջապէս գտնել երկու աղջիկները, որոնք այժմ 20 տարեկան են:
Շարլեն եւ Քլոտիա կապուած են Ուազինին հետ համացանցի սքայփի միջոցով: Ուազին անոնց ցոյց տուած է շիշը եւ ութ տարի առաջ գրուած նամակը: Երիտասարդ աղջիկները զարմացած են, որ մէկը կրցած է գտնել իրենց նամակը այդքան տարիներ ետք, ովկիանոսին միւս կողմը:
Ուազինի մայրը ըսած է, թէ այս պատմութիւնը իր տղան իսկական աստղի մը վերածած է: Հեռաձայնը անդադար կը հնչէ, որովհետեւ բոլոր ձայնասփիւռները, թերթերը կ՛ուզեն հարցազրոյց մը ընել անոր հետ:
«Եթէ գիտնայի, թէ այս հարցը այդքան աղմուկ պիտի հանէր, անոր ըսած կ՛ըլլայի, որ շիշը դարձեալ ջուրը նետէ», կատակով կը պատմէ մայրը:
Հանելուկ
Ի՞նչ է կապը կոլֆի գնդակի մը, սարդի մը, ակռայի վրձինի մը, խոհանոցի բահակի եւ նկարելու մեքենայի միջեւ:
Այս բոլոր առարկաները անջրպետ ղրկուած են եւ անոնք բնաւ չեն վերադարձած: Անոնք մաս կը կազմեն այն առարկաներուն, որոնք կորսուած են դէպի անջրպետ տարբեր հետախուզական արշաւներու ընթացքին:
Ժամանց











