Ծառայասէր Եւ Առաջնորդող Վարդգէսը

ՈՒԱՏԻՀ ԱՊՏԵԼ ՆՈՒՐ

Ճակատագիր… Երբեմն իր դաժան օրէնքները կը բանեցնէ մեր վրայ, նոյնիսկ եթէ պարտադրուած ենք ենթարկուելու… Աստուծոյ կամքն է: Քանի մը ամիսներ առաջ հրաժեշտ տուինք մեր սիրելի Յովհաննէսին, եւ ահաւասիկ այսօր մենք մեզ կը գտնենք նոյն դժուար կացութեան մէջ` խօսիլ նորէն շատ սիրելի կորուստի մը մասին` Վարդգէս Ծատուրեանի: Կարծես ան շատ կանուխ կարօտցաւ իր եղբայրը եւ նախընտրեց միանալ իր կողակիցին ու իր զաւակներուն մօր` Լուսինին, ու երթալ հոն, ուր ո՛չ ցաւ կայ, ո՛չ ալ տխրութիւն:

Վարդգէս Ծատուրեան, քեզ ճանչցայ իբրեւ հեծելարշաւի սիրահար եւ այդպէս ալ մնացիր մինչեւ կեանքիդ վերջը: Լիբանանի մէջ Ծատուրեան ընտանիքը հեծելարշաւի ընտանիքն է` տասնեակ տարիներէ ի վեր: Մրցումներ, ախոյեանութեան տիտղոսներ, պատասխանատուութիւններ, թեքնիք եւ վարչական գործեր, պաշտօններ… Յովհաննէս, յետոյ Վարդգէս, ապա իր զաւակները` Հրաչ եւ Վաչէ: Ինչպէ՞ս բնութագրել Վարդգէսը եւ անոր աշխատանքը թէ՛ ֆետերասիոնին, եւ թէ՛ իր սիրած ակումբին` ՀՄԸՄ-ին մէջ:  Հեծելանւորդներու ու ախոյեաններու մարզիչը, ազգային խումբերու մարզիկ, տափարակ ճամբաներու վրայ, թէ լեռնային վայրերու, Մարոքի մէջ, Թայլանտի եւ Քամպոտիոյ ճամբաներուն վրայ թէ այլուր` հասնելով մինչեւ հեռաւոր երկիրներ, ապա վերադառնալով Լիբանան` հիմը դնելու ԼԵՎԱՄ-ին:

Վարդգէ՛ս, դուն վազեցիր ծառայութիւն մատուցելով բոլորին` անտեսելով տարիքդ: Եղար առաջնորդող ու քաջալերող, երկու յատկանիշներ, որոնք քեզ կերտեցին, եւ դուն դարձար դաստիարակը քեզ սիրողներուն:

Սիրելի՛ Վարդգէս, կը խնդրենք Աստուծմէ, որ արժանի ըլլաս յաւիտենական կեանքին:

Մեր միակ մխիթարութիւնը քու ժառանգած ընտանիքդ է: Վստա՛հ եղիր, որ անիկա վառ պիտի պահէ քու յիշատակդ, արժանի դարձնէ քու կտակդ:

Հաւատալով յարութեան գաղափարին…

ՈՒԱՏԻՀ ԱՊՏԵԼ ՆՈՒՐ
Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի
նախկին ընդհանուր քարտուղար

Share this Article
CATEGORIES