Վարդգէս Ծատուրեանի Յիշատակին
ՅԱԿՈԲ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Յովհաննէս Ծատուրեանի մահէն ճիշդ երեք ամիս ետք` երկուշաբթի, 24 սեպտեմբեր 2012-ին Ծատուրեան գերդաստանը, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի ընտանիքն ու լիբանանեան մարզական աշխարհի հեծիկի մարզը ունեցաւ նոր կորուստ մը եւս, երբ ՀՄԸՄ-ական Վարդգէս Ծատուրեան անվերադարձ բաժնուեցաւ մեզմէ, իր ետին ձգելով միայն յուզում եւ վիշտ` իր ընտանիքին, հարազատներուն ու իր շրջանակի բոլոր եղբայրներուն ու բարեկամներուն:
Եղբայր Վարդգէս ՀՄԸՄ-ին անդամակցած է 1957-ին` իբրեւ հեծիկի մարզիկ:
Եղած է ՀՄԸՄ-ի եւ Լիբանանի ազգային խումբի մարզիկ, մարզիչ, հեծիկի յանձնախումբի ատենապետ, ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղի վարչական, ինչպէս նաեւ Լիբանանի հեծիկի ֆետերասիոնի անդամ:
Եղած է օրինակելի եւ տիպար մարզիկ, լուռ ու մունջ սեւ աշխատանք տանող մարզիչ ու վարչական, սակայն` խիզախօրէն կարծիքներ արտայայտող ժողովական:
1960-ական թուականներուն մաս կազմած է ՀՄԸՄ-ի հեծելարշաւի այն խումբին, որ հաստատած է մրցանիշ մը` երբ ՀՄԸՄ 5 յաջորդական տարիներ շահած է Լիբանանի Հեծելարշաւի խմբային ախոյեանութիւնը 1961-էն 1965:
Մրցանիշ մը, որ կը գոյատեւէ մինչեւ այսօր:
Եղբայր Վարդգէս բազմաթիւ անգամ հանդէս եկած է իբրեւ Լիբանանի ազգային խումբի անդամ` յատկապէս մասնակցելով «Թուր տը Մարմարա»-ի եւ «Թուր տը Մարոք»-ի:
1959-ին մասնակցած է Միջերկրականեան խաղերուն, 1963-ին` Իտալիոյ Նափոլի քաղաքին մէջ տեղի ունեցած միջազգային մրցաշարքին, իսկ 1966-ին` Թայլանտի միջազգային մրցաշարքին եւ ասիական խաղերուն:
Վերջին անգամ հեծիկի մրցաշարք մը շահած է 1972-ին, երբ արդէն ամուսնացած էր եւ ունէր 3 զաւակներ:
Իբրեւ մարզիկ եւ մարզիչ իր արձանագրած բեղուն արդիւնքներէն ետք եղբայր Վարդգէս կը նուիրուի վարչական գործունէութեան ՀՄԸՄ-ի եւ Լիբանանի հեծիկի ֆետերասիոնին մէջ:
1980-ական թուականներուն հետեւած է մարզիչներու պատրաստութեան դասընթացքներուն` հռչակաւոր Կիտօ Քոսթայի հսկողութեամբ:
Վարդգէս Ծատուրեան հաւատալով, որ հայ մարզիկը կարելի է պատրաստել հայ դպրոցին ընդմէջէն, հանդիսացած է ԼԵՎԱՄ-ի հիմնադիր անդամներէն մէկը` տարիներ շարունակ վարելով ՀՄԸՄ-ի ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին ատենապետի պաշտօնը:
ՀՄԸՄ-ի շարքերուն մէջ իր ունեցած բեղուն գործունէութեան իբրեւ գնահատանք` ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը 2008-ին զինք պատուած է ՀՄԸՄ-ի ծառայութեան շքանշանով:
Վարդգէս Ծատուրեանի մահով հեծելարշաւի աշխարհին մէջ ՀՄԸՄ-ական այլ հերոսի մը պատմութիւնն է, որ կ՛աւարտի: Ան մեկնեցաւ առանձին ձգելով մեզ ու սուգի մատնելով Լիբանանի հեծելարշաւի մարզը ընդհանրապէս ու իր ընտանեկան պարագաները, հարազատները, բարեկամներն ու իր պատկանած միութիւնը մասնաւորաբար:
Սիրելի՛ եղբայր Վարդգէս,
Դո՛ւն, որ եղար տիպար մարզիկ եւ միութենական գործունեայ անդամ` ըլլայ միութեանդ, ըլլայ Լիբանանի հեծիկի ֆետերասիոնին մէջ ու գացիր միանալու քու տարիներու անբաժան գործակից եղբօրդ` Յովհաննէսին, համոզուած ես ու քաջ գիտես, որ աւանդը փոխանցուած է ապահով ձեռքերու, որոնք կը քալեն ձեր ուղիով, հաւատքով ու տեսիլքով, այն քաջ համոզումով, որ երթը պիտի շարունակուի…
Վարձքդ կատար սիրելի՛ եղբայր:
Հողը թեթեւ գայ վրադ:

