Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Սաժես Յաղթական Վերադարձաւ Թրիփոլիէն

Մութթահետ – Սաժես երէկուան մրցումէն

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Սաժես Պէյրութ արձանագրեց իր երկրորդ յաջորդական յաղթանակը, երբ 87-71 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Թրիփոլիի «Սաֆատի» մարզահամալիրէն, ուր պարտութեան մատնեց դաշտին տէրը` Մութթահետը: Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 21-15, 38-34, 67-59 եւ 87-71:

Ինչ կը վերաբերի նախանցեալ օր տեղի ունեցած Անդրանիկ – Պաժժէ մրցումին, դաշտին տէրը արձանագրեց տարեշրջանի իր առաջին յաղթանակը, երբ 90-83 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Պաժժէն: Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 20-18, 44-32, 63-59 եւ 90-83:

2-րդ հանգրուանը կ՛աւարտի այսօր, երբ ժամը 16:00-ին Շանվիլ իր դաշտին վրայ հիւրընկալէ Ամշիթը:

Share this Article
CATEGORIES