Վաղը` Պէյրութի 2012-ի Միջազգային Մարաթոնը
Վաղը` կիրակի, 11 նոյեմբերին, տեղի պիտի ունենայ Պէյրութի 2012-ի միջազգային մարաթոնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն աւելի քան 33 հազար վազողներ` ժամանած 96 արաբական եւ միջազգային երկիրներէ:
Առաւօտեան ժամը 7:00-ին պիտի սկսի գլխաւոր մարաթոնը, որուն երկարութիւնն է 42,195 քմ: Ապա յաջորդաբար միւսները (5 քմ, 1 քմ, 10 քմ):
Երէկ կեդրոնական Պէյրութի մէջ գրեթէ ամբողջացան մարաթոնի նախապատրաստական բոլոր աշխատանքները` պատուոյ հիւրերուն համար տասնեակներով աթոռներու զետեղումէն ետք:
CATEGORIES Մարզական

