Լիբանանի Փինկ Փոնկի Ֆետերասիոնին Որոշումները
Իր գումարած վերջին ժողովին, Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնը, քննարկելէ ետք օրակարգի վրայ եղող կարգ մը հարցեր, տուաւ համապատասխան որոշումներ:
Լիբանանի Անկախութեան տօնին առիթով տեղի ունենալիք զինուորական տողանցքին ընթացքին ֆետերասիոնի դրօշակը բռնողը պիտի ըլլայ Լիբանանի 21 տարեկանէն վար ախոյեան Հալա Ուըհպէ:
Որոշուեցաւ, որ չորս կազմեր` Ժընուպ Թուլ, Նատուա Քմաթիէ (տղաք), Ատապ Ուալ Ռիատա Քֆարշիմա եւ Շապապ Ֆաուար (աղջիկներ), իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 26 նոյեմբերէն 3 դեկտեմբեր 2012-ին, Մարաքեշի մէջ (Մարոք) տեղի ունենալիք Արաբական ակումբներու 24-րդ ախոյեանութեան:
7-9 դեկտեմբեր 2012-ին Նիկոսիոյ մէջ (Կիպրոս) տեղի ունենալիք միջազգային մրցաշարքին (երկսեռ) իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն հետեւեալ մարզիկները` Նոել Քէշիշեան, Ռիթա Պըսէյպես, Տաուտ Շըհէյպ եւ Մոհամետ Հապաշ:
Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Միշել Ռըզքալլա, մինչ Ժոզեֆ Աքիքի նկատի առնուած է իբրեւ պատասխանատու:

