IFFHS-ի Դասաւորման Մէջ Հենրիխ Մխիթարեան Կը Գլխաւորէ Եւրոպացի Ֆութպոլիստներուն Առաջին Դիրքը
Ֆութպոլի պատմութեան եւ վիճակագրութեան միջազգային ֆետերասիոնը (IFFHS) ներկայացուց աշխարհի ամէնէն անուանի ֆութպոլիստներուն ցանկը:
PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կ՛աւելցնէ ըսելով, որ 15 հոկտեմբերէն 30 նոյեմբեր երկարող ժամանակամիջոցին ֆետերասիոնը քուէարկութիւն կը կատարէ` որոշելու համար այս տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստը:
Եւրոպացի ֆութպոլիստներուն ցանկը, IFFHS-ի հիմամբ, ներկայ հանգրուանին կը գլխաւորէ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Շախտիոր Տոնեցքի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 50,310 կէտ:
Ան այժմ կը գերազանցէ Իքեր Քասիասը, Խաւիէն, Անտրես Ինիեսթան, Անտրէա Փիրլոն եւ ուրիշ շատեր:
CATEGORIES Մարզական


