«Փտածութեան Նուազեցման Առումով Լիբանան ՄԱԿ-ի Կողմէ Վերաորակաւորման Պիտի Ենթարկուի» Շեշտեց Վարչապետ Միքաթի
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց փտածութեան դէմ պայքարի յատուկ նիստի մը, որուն ընթացքին շեշտեց, թէ յառաջիկայ տարուան ընթացքին, փտածութեան նուազեցման առումով Լիբանան ՄԱԿ-ի հաստատութիւններուն կողմէ վերաորակաւորման պիտի ենթարկուի:
Վարչապետարանին մէջ գումարուած նիստին ընթացքին Միքաթի նշեց, որ կառավարութիւնը պիտի չօժանդակէ, որ պետական հաստատութիւններուն մէջ փտածութիւնը քաջալերող օրինազանցները հովանաւորութեան տակ մնան:
Այս շրջագիծին մէջ, վարչապետ Միքաթի կոչ ուղղեց լիբանանեան քննչական հաստատութիւններուն` խստացնելու իրենց հսկողութիւնը եւ չէզոք կերպով գործելու` վերջ տալու համար փտածութեան:
Վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ Պէյրութի մաքսատան մէջ արձանագրուած նիւթական օրինազանցութիւնները արդէն իսկ հակակշիռի տակ առնուած են եւ ենթարկուած կեդրոնական հետաքննութեան:
Վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ անհրաժեշտ է կառավարութեան օժանդակել` հակակշիռի տակ առնելու համար երկրին փտածութիւնը:
Վարչապետ Միքաթի ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըրը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի քաղաքական իրադարձութիւնները:
Ֆլեչըր շեշտեց, որ Բրիտանիա կը շարունակէ զօրակցիլ Լիբանանի պետական հաստատութիւններուն:
Բրիտանացի դեսպանը զգուշացուց Սուրիոյ փոթորիկէն` մաղթելով, որ լիբանանցիները ճիգ չեն խնայեր այդ փոթորիկէն պաշտպանուելու համար:
Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ պետական նախարար Ալի Քանսօ, որ յայտնեց, թէ վարչապետ Միքաթի կոչ կ՛ուղղէ քաղաքական բոլոր կողմերուն` ընդառաջելու հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի ուղղած երկխօսութեան կոչին եւ քննարկելու լիբանանեան տագնապին վերաբերող բոլոր թղթածրարները, առանց զանոնք սահմանափակելու կառավարութեան թղթածրարին մէջ:


