Նախագահ Սլէյման Հաստատեց Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Սահմանադրութեամբ Ճշդուած Ժամկէտին Կայացնելու Կարեւորութիւնը

Նախագահ Սլէյման` Հաւատարմութիւն պետութեան շարժումի պատուիրակութեան հետ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ շեշտեց, որ աշխարհի մէջ արձանագրուած արհեստագիտական զարգացումը անկարելի կը դարձնէ ծայրայեղութիւնը:

Նախագահ Սլէյման Պաապտայի մէջ ընդունեց Հաւատարմութիւն պետութեան շարժումի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն ներկայութեան հաստատեց, որ շրջանի երկիրներուն մէջ դէպի ժողովրդավարութիւն ուղղուածութիւնը պիտի մղէ, որ Լիբանան բարելաւէ իր ժողովրդավարական ընթացքը:

Ան նշեց, որ այդ հանգրուանին հասնելու համար պէտք է մշակել արդիական եւ ամբողջական ընտրական օրէնք մը` աւելցնելով, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին, եւ ոչ մէկ ձեւով կարելի պիտի ըլլայ յետաձգել այդ ընտրութիւնները:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեցին նաեւ տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք եւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ:

Քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական եւ ապահովական իրադարձութիւնները:

Share this Article
CATEGORIES