Պըրրի Քննարկեց Ուսուցիչներու Պահանջներուն Վերաբերող Հարցեր

Պըրրի` ուսուցիչներու պատուիրակութեան հետ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Սայտայի եւ Սուրի յոյն ուղղափառ համայնքի առաջնորդ Էլիաս Քֆուրի եպիսկոպոսը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը:

Խորհրդարանի նախագահը ընդունեց նաեւ նախակրթարանի եւ երկրորդական կարգերու ուսուցիչներուն մէկ պատուիրակութիւնը, որուն հետ քննարկեց անոր պահանջները, ինչպէս նաեւ ուսուցիչներու աշխատավարձի յաւելումներուն վերաբերող հարցեր:

Այս շրջագիծին մէջ, հանդիպումին ընթացքին Պըրրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Հասսան Տիապի հետ` շեշտելով ուսուցիչներուն պահանջներուն անսալու անհրաժեշտութիւնը:

Այն Թինէի այցելուներէն եղան նաեւ հանրապետութեան նախկին նախագահ Էլիաս Սարգիսի ընտանիքէն պատուիրակութիւն մը եւ իրաւաբաններու սենտիքայի նախկին նախագահ Ամալ Հատտատ:

Միւս կողմէ, «Տիար» օրաթերթին հետ իր ոնեցած հարցազրոյցին ընթացքին Պըրրի շեշտեց, որ Քարիւղի մարզի տնօրինման խորհուրդին կազմութիւնը կարեւոր է, սակայն անոր պէտք է յաջորդէ Լիբանանեան համալսարանի տարբեր մասնաճիւղերուն մէջ տնօրէններու նշանակումը:

Share this Article
CATEGORIES