«Կառավարութիւնը Ժամանակի Կարիք Ունի` Շարունակելու Համար Աշխատավարձերու Յաւելումները Ֆինանսաւորելու Թղթածրարին Քննարկումը» Շեշտեց Վրէժ Սապունճեան
Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ շեշտեց, որ կառավարութիւնը կարիք ունի երկար ժամանակի` շարունակելու համար պետական մարզի պաշտօնեաներուն տրուելիք աշխատավարձի յաւելումները ֆինանսաւորելու միջոցներուն քննարկումը:
Վ. Սապունճեան հաստատեց, որ 15 տարիներէ ի վեր նման պահանջ չէ եղած` աւելցնելով, որ այդքան տարիներէ ետք կարելի չէ այդ յաւելումները քանի մը օրուան ընթացքին վաւերացնել:
«Բայց եւ այնպէս, կառավարութիւնը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ` վաւերացնելու համար այդ բոլորը», ըսաւ Սապունճեան:
Միւս կողմէ, ճարտարարուեստի նախարարը երէկ երկրագործութեան, կենսոլորտի, առողջապահութեան, ներքին գործոց եւ հանրօգուտ շինութեանց նախարարութիւնները, ինչպէս նաեւ նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարութիւնն ու Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու միութիւնը տեղեակ պահեց, թէ ճարտարարուեստի նախարարութիւնը յատուկ խորհրդանշաններ պիտի օգտագործէ` ճարտարարուեստի յատուկ շրջանները նշելու համար:
Վ. Սապունճեան շեշտեց, որ նման խորհրդանշաններու որդեգրումը կը դիւրացնէ ներդրում կատարողներուն գործը` ընտրելու իրենց յատուկ հողաշերտերը եւ զանոնք ծառայեցնելու իրենց ծրագիրներուն:

