«Ուիսամ Հասանի Հետաքննութիւնը Իր Բնական Ընթացքին Մէջն Է» Շեշտեց Հաթեմ Մատի
Ընդհանուր դատախազ Հաթեմ Մատի յայտնեց, որ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ուիսամ Հասանի սպանութեան գծով լիբանանեան պետութեան բացած հետաքննութիւնը բնական եւ լաւ ընթացքի մէջ է:
Այս շրջագիծին մէջ Մատի յայտնեց, որ այդ սպանութիւնը գործելու յանցանքով ձերբակալեալներ չկան, սակայն հետաքննիչները գրեթէ մօտեցած են հետաքննութեան աւարտին:
Ընդհանուր դատախազը յայտնեց, որ ինք հետաքննութեան վերաբերող կարգ մը տեղեկագիրներ արդէն ստացած է` աւելցնելով սակայն, որ ինք տակաւին ամերիկեան դաշնակցային գաղտնի սպասարկութեան` «Էֆ. Պի. Այ.»-ի տեղեկագիրները չէ ստացած:
Միւս կողմէ, Մատիի արտօնութեամբ Էշրեֆիէի Իպրահիմ Մունզեր փողոցը արդէն իսկ բացուեցաւ անցորդներուն դիմաց:
CATEGORIES Լիբանանեան

