Փ. Մանճեան. «Կառավարութիւնը Համաձայնած Է Պետական Մարզի Պաշտօնեաներու Աշխատավարձի Թղթածրարին Քննարկումը Յետաձգել»
Պետական նախարար Փանոս Մանճեան երէկ յայտնեց, որ կառավարութիւնը համաձայնած է երեք շաբաթով յետաձգել պետական մարզի պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձի յաւելումներուն թղթածրարին քննարկումը:
Ան նշեց, որ կառավարութեան անցեալ նիստին ընթացքին Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ բաւարարուած է երկրին տնտեսական եւ ելեւմտական կացութեան մասին բացատրութիւն մը տալով:
Փ. Ման ճեան աւելցուց, որ Սալամէ առաջարկած է այդ յաւելումները կատարել հինգ տարուան վրայ երկարող մասնավճարի դրութեամբ:
CATEGORIES Լիբանանեան

