Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Հըզպալլայի Մէկ Պատուիրակութիւնը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Հըզպալլայի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի նախագահ Իպրահիմ Ամին Սէյիտի:

Հանդիպումէն ետք Սէյիտ յայտնեց, որ իրենք շնորհաւորութիւններ փոխանցած են Ռայի պատրիարքին` անոր կարտինալ ընտրուելուն առիթով:

Իպրահիմ Ամին Սէյիտ նշեց, որ ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու քննարկումները խոչընդոտող քաղաքական կողմերն են, որոնք կը փափաքին յաջորդ երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարել 1960-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ:

Լիբանանեան քաղաքական տարակարծութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Սէյիտ շեշտեց, որ լիբանանցիները կոչուած են իրենց ներքին հարցերը լուծելու երկխօսութեան միջոցով:

Իպրահիմ Ամին Սէյիտ նշեց, որ կառավարութիւնը պէտք է լուծէ երկրին դիմագրաւած հարցերը, յատկապէս տնտեսական եւ ընկերային առումով:

Share this Article
CATEGORIES