Ժոմպլաթ. «Դիմադրութեան Զէնքը Նուազագոյնը Նոր Թաէֆի Համազօր Է»
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ տնտեսական շռայլութեան օրերը վերջ գտած են, եւ երկիրը կը գտնուի տնտեսական ու ապահովական լուրջ տագնապներու դիմաց:
Ժոմպլաթ կոչ ուղղեց արագ կերպով որդեգրելու սեղմումի քաղաքականութիւն մը, որուն շնորհիւ կարելի կ՛ըլլայ փրկել Լիբանանը:
Ժոմպլաթ յայտնեց, որ արաբ, Ծոցի երկիրներու եւ արեւմուտքցի զբօսաշրջիկներուն բացակայութիւնը, ինչպէս նաեւ միջազգային ընտանիքին կողմէ Լիբանանի նիւթական օժանդակութիւն չտրամադրելու եւ «Փարիզ-2» կամ «Փարիզ-3» տնտեսական օժանդակութեան խորհրդաժողովներ չկազմակերպելու իրականութիւնը ցոյց կու տայ, որ Լիբանան առանձին է եւ ստիպուած է ինքզինք փրկել այդ կացութենէն:
Ժոմպլաթ ընդգծեց, որ Լիբանանի մէջ սադրանքները պէտք է արգիլուին, եւ կոչ ուղղեց բոլորին ընդառաջելու հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի պաշտպանութեան ռազմավարութեան պատկերացումին:
«Մուսթաքպալ հոսանքը պէտք է լաւ գիտնայ, որ երբ ժամանակը գայ, ապա Հըզպալլայի զէնքը լիբանանեան պետութեան յանձնելու գինը պիտի չըլլայ նուազ քան նոր Թաէֆ մը», շեշտեց Ժոմպլաթ:
Ազգային պայքարի ճակատ երեսփոխանական պլոքի նախագահը շեշտեց լիբանանեան ազգային երկխօսութեան անհրաժեշտութիւնը` ընդգծելով, որ նոր կառավարութիւն կազմել փափաքող կողմերը պէտք է առանց նախապայմանի ազգային երկխօսութեան մասնակցին:
Ժոմպլաթ անհրաժեշտ նկատեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարուին, նոյնիսկ եթէ այդ ընտրութիւնները 1960-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ պիտի կատարուին, «որովհետեւ ընտրութիւններուն ճշգրիտ թուականին կայացումը շատ աւելի լաւ է, քան այդ ընտրութիւնները յետաձգելու որոշումը», աւելցուց ան:

