Զօր. Քահուաժի Ընդունեց Ամերիկեան Զինուորական Պատուիրակութիւն Մը

Զօր. Քահուաժի` ամերիկեան զինուորական պատուիրակութեան հետ հանդիպման ընթացքին

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց ամերիկեան զինուորական պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութեան անդամ գնդապետ-զօրավար Ուիլիըմ Պայտլըրի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան-ամերիկեան զինուորական յարաբերութիւնները:

Հանդիպումին մասին Լիբանանի մէջ ամերիկեան դեսպանատունը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Պայտլըր զօր. Քահուաժիին ցաւակցութիւն յայտնած է 19 հոկտեմբեր 2012-ին Էշրեֆիէի մէջ արձանագրուած պայթումին ընթացքին արձանագրուած զոհերուն համար:

Նոյն հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Պայտլըր ընդգծած է երկու երկիրներուն միջեւ զինուորական հզօր եւ մնայուն գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը` ընդգծելով, որ ամերիկեան վարչակազմը կը զօրակցի Լիբանանի նախաձեռնութիւններուն, որոնք կը վերաբերին Լիբանանի մէջ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան:

«Հանդիպումին ընթացքին Պայտլըր շեշտած է Ուաշինկթընի զօրակցութիւնը` ազատ, անկախ եւ գերիշխան Լիբանանի մը», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Զօր. Քահուաժիի այցելեց նաեւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Նիքոլա Սահնաուի:

Share this Article
CATEGORIES