Մանսուր – Մելանթոնիօ Հանդիպում
Արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Միջին Արեւելքի մէջ պրազիլցի յատուկ պատուիրակ Սեզարիօ Մելանթոնիոն, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին Մանսուր շեշտեց, որ ճարտարարուեստի իմաստով Պրազիլ հզօր երկիր է եւ ան շրջանին մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունի տնտեսական, դիւանագիտական, առեւտրական եւ քաղաքական առումներով:
CATEGORIES Լիբանանեան


