Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ կարելի չէ լուռ մնալ այն իրականութեան դիմաց, որ Հըզպալլան Ալէյի եւ Շուֆի մէջ հողաշերտեր կը գնէ: Ան շեշտեց, որ պէտք է Լեռնալիբանանի գաղթականներուն յատկացուելիք հատուցումները աւելցնել, որպէսզի կարելի ըլլայ այդ շրջանին իսկական դիմագիծը պահպանել:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ուիսամ Հասանի սպանութիւնը սկսած է իր ազդեցութիւնը ունենալ Մուսթաքպալ հոսանքի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան վրայ` նկատի ունենալով, որ անոնք լրջօրէն մտահոգ են իրենց ապահովութեամբ:
Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդի նախագահ Հաննա Ղարիպ յայտնեց, որ կառավարութիւնը պարտադրած է, որ իրենք պայքարը շարունակեն` աւելցնելով, որ իրենք ամէն տեսակի գործադուլի եւ ցոյցերու պիտի դիմեն` պահանջելու համար իրենց իրաւունքը:
ՍԵՓԱԿԱՆ վարժարաններու ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Նաամէ Մահֆուտ յայտնեց, որ կառավարութեան կողմէ աշխատավարձի յաւելումներուն թղթածրարին ձգձգումը խիստ մերժելի է:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Տահեր յայտնեց, որ Հըզպալլա այն կազմակերպութիւնն է, որ կը ծրագրէ մարդոց սպանութիւնները եւ կը մասնակցի զոհերուն յուղարկաւորութեան:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, կը նախատեսուի, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման յառաջիկայ 29 նոյեմբերին տեղի ունենալիք Ազգային երկխօսութեան նիստը յետաձգէ:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը կառչած կը մնայ Զահլէի իր երեսփոխանին եւ զայն կը նկատէ կարմիր գիծ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ղազի Եուսեֆ յայտնեց, որ կառավարութիւնը իրերայաջորդ նշանակումներ կը կատարէ, որովհետեւ քաջ գիտէ, թէ մօտիկ ապագային պիտի տապալի:
«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերէն, գրեց, թէ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կը մերժէ Լիբանանի մէջ Ազգային միասնականութեան կառավարութեան մը կազմութիւնը:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի յայտնեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ուիսամ Հասանի սպանութեան պատասխանատու չէ, սակայն ան կը պաշտպանէ այնպիսի կողմեր, որոնց ձեռքերուն մէջ արեան հետքեր կան:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի յայտնեց, որ կառավարութեան կողմէ կատարուած նշանակումները ընդվզեցուցիչ քայլեր կը նկատուին եւ երկրին ուխտին հաշուոյն գործուած օրինազանցութիւններ են:
ՊԱԱՍ կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Ֆայեզ Շքըր յայտնեց, որ Սուրիա ոչ մէկ շահ ունի Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը հարուածելու իմաստով` աւելցնելով, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն միակ երազը եւ հոգը երկրին իշխանութեան տիրանալն է:
ՄԱՐՈՆԻ պատրիարքութեան ընդհանուր փոխանորդ, Էհտենի առաջնորդ Ժոզեֆ Մուաուատ եպիսկոպոս յայտնեց, որ Պքերքէ մնայուն կերպով կ՛աշխատի, որ կառավարութիւնները գործեն ի նպաստ ժողովուրդին:

