Թրքական Օդուժը Հարուածած Է Քիւրտերը` Պատճառելով 13 Զոհ
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ օդուժը հարուածած է Իրաքի եւ Իրանի սահմանակից Հաքքիարի նահանգին մէջ գտնուող Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) դիրքերը` պատճառելով 13 զոհ:
Ըստ թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին, տեղի ունեցած է բախում մը, որուն պատճառով 14 քիւրտ զինեալներ եւ մէկ թուրք զինուոր սպաննուած են:
Ըստ աղբիւրին, Անգարա շրջանին մէջ ստեղծուած քաոսը կը կապէ բռնութիւններու թատերաբեմ դարձած դրացի Սուրիոյ հետ: Թուրքիա երկրորդ օրն ըլլալով յատուկ գործողութիւններ կը կատարէ Հաքքիարիի մէջ:
CATEGORIES Միջազգային

