Մինչ Իսրայէլ Կը Զգուշացնէ. Ասատ. «Էրտողան Ինքզինք Օսմանեան Նոր Սուլթան Եւ Խալիֆա Կը Կարծէ»

Մոշէ Եաալոն

Իսրայէլ երէկ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը զգուշացուց Կոլանի մէջ ընդդիմադիր զինեալները հալածող իր ուժերուն կրակոցներուն Կոլանի բռնագրաւեալ բաժինը հասնելէն` նշելով, որ պատրաստ է ինքզինք պաշտպանելու:

Իսրայէլի փոխվարչապետ Մոշէ Եաալոն հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ «Սուրիոյ վարչակարգը պատասխանատու կը նկատենք սահմանին երկայնքին տեղի ունեցող դէպքերուն»` աւելցնելով, որ «եթէ տեսնենք, որ ադ դէպքերը մեր ուղղութեամբ կ՛ընդլայնին, պիտի գիտնանք Իսրայէլի պետութեան մէջ մեր քաղաքացիները եւ Իսրայէլի պետութեան գերիշխանութիւնը ինչպէս պաշտպանել»:

Եաալոն ըսաւ, որ Սուրիա նախապէս այսպիսի պատգամ մը ստանալէ ետք «պատշաճ կերպով վարուեցաւ»` աւելցնելով, որ «կը յուսամ, որ Սուրիոյ մէջ գոյութիւն ունի մէկը, որ այս պարագային եւս հարցերը կը հակակշռէ»:

Իր կարգին, Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Էհուտ Պարաք, պատասխանելով Կոլանի մէջ գտնուող իսրայէլեան բնակեցման վայրի մը վրայ սուրիական կողմէն արձակուած հրասանդի հրթիռի մը իյնալուն մասին հարցումի մը, այդ դէպքը կապեց մօտիկ շրջանի մը մէջ ընդդիմադիր զինեալներու դէմ սուրիական բանակին կատարած զինուորական գործողութեանց:

Պարաք իսրայէլեան պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ «Կոլանի մէջ ՄԱԿ-ի դէտերուն ճամբով յստակ դարձուցինք, որ մենք նախանձախնդիր ենք, որ մեր վրայ հրթիռներ չիյնան»` աւելցնելով, որ «կը յուսամ, որ ասիկա չշարունակուի, Սուրիոյ մէջ ընդդիմադիր մարտիկները յաղթեն, Ասատը տապալի եւ վերջապէս Սուրիոյ մէջ կեանքի նոր հանգրուան մը սկսի»:

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ «Ռաշա Թուտէյ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցին ընթացքին յայտարարեց, որ «մեր թշնամին ահաբեկչութիւնը եւ Սուրիոյ մէջ անկայունութիւնն են: Եւ հարցը իմ մնալուս կամ հեռանալուս չի վերաբերիր, այլ` երկրին ապահով ըլլալուն կամ անապահով մնալուն, եւ այդ է թշնամին, որուն դէմ սուրիացիներս կը ճակատինք»:

Ասատ անհաւանական նկատեց թուրք-սուրիական պատերազմ մը, «որովհետեւ պատերազմը ժողովրդային զօրակցութեան կը կարօտի, իսկ թուրք ժողովուրդին մեծամասնութիւնը այդպիսի պատերազմ մը չ՛ուզեր. նոյնը ճիշդ է նաեւ սուրիացի ժողովուրդին պարագային, ուստի սուրիացի եւ թուրք ժողովուրդներուն միջեւ վէճ գոյութիւն չունի, այլ հարցը կառավարութեան եւ պաշտօնատարներուն միջեւ է, մեր պաշտօնատարներուն եւ իրենց պաշտօնատարներուն միջեւ` իրենց վարած քաղաքականութեան պատճառով»:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ որո՞նք թրքական հողամասերը կը ռմբակոծեն, կառավարական ուժե՞րը, թէ՞ ընդդիմադիր ուժերը, Սուրիոյ նախագահը ըսաւ, որ այդ մէկը գիտնալու համար պէտք է միացեալ հետաքննութիւն կատարուի եւ երկու բանակներուն միջեւ միացեալ յանձնախումբ մը կազմուի: «Սահմանին վրայ բազմաթիւ ահաբեկիչներ կան եւ հրասանդի հրթիռներ ունին, ուստի կրնան այդ մէկը կատարել, եւ մենք թրքական կառավարութենէն պահանջեցինք այդպիսի յանձնախումբ մը կազմել, սակայն մերժեց: Ուստի պատասխան չունինք»: «Երբ սահմանին վրայ այդ բոլոր ահաբեկիչները կան, կարելի չէ այդ մէկը բացառել: Սուրիոյ բանակը թրքական հողամասերը ռմբակոծելու հրամաններ չունի, որովհետեւ ատոր մէջ շահ չունինք», ըսաւ ան:

Ասատ ըսաւ, որ Թուրքիոյ` սուրիական ընդդիմութեան համար ապաստանարանի վերածուելուն պատճառը Թուրքիան կամ թուրք ժողովուրդը չեն, այլ` Էրտողանի կառավարութիւնը: «Էրտողան կը կարծէ, որ եթէ Իսլամ եղբայրները շրջանին մէջ, մասնաւորաբար Սուրիոյ մէջ իշխանութեան տիրանան, պիտի կարենայ իր քաղաքական ապագան ապահովել, ինչպէս նաեւ անձնապէս կը կարծէ, որ ինք օսմանեան նոր սուլթանն է եւ կրնայ շրջանին տիրել, ճիշդ ինչպէս Օսմանեան կայսրութեան ժամակաշրջանին էր, սակայն նոր պարունակի տակ: Եւ ան իր հոգիին խորքը կը կարծէ, թէ ինք խալիֆա է»:

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ սուրիական ընդդիմութիւն Տոհայի մէջ շարունակուող իր ժողովին ընթացքին յայտարարած է, թէ կ՛ընդունի Ռիատ Սէյֆի գլխաւորութեամբ փոխանցման կառավարութիւն մը կազմելու առաջարկը:

«Անատոլու» կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ Ազգային խորհուրդի` սուրիական ընդդիմադիր կողմերու մասնակցութեամբ կատարած քննարկումներուն իբրեւ արդիւնք Ռիատ Սէյֆի գլխաւորութեամբ փոխանցման կառավարութեան կազմութեան առաջարկին շուրջ ժողովին մասնակից լայն շրջանակի մը կողմէ համաձայնութիւն գոյացած է:

Բարձրաստիճան ժողովին մասնակցած են Թուրքիոյ, Եգիպտոսի, Օմանի, Արաբական միացեալ էմիրութիւններու եւ Սուտանի արտաքին գործոց նախարարները:

Սէյֆի փոխանցման կառավարութեան ծիրին մէջ կազմուած է 50-էն 60 անձնաւորութիւններէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը, եւ կը նախատեսուի, որ կառավարութիւնը այդ նոյն պատուիրակութեան անդամ անձնաւորութիւններէն կազմուի:

Ըստ «Ռաշա Թուտէյ»-ի, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոչ ուղղած է պաղեստինցի գաղթականները Սուրիոյ տագնապին մէջ չներքաշելու:

 

Share this Article
CATEGORIES