«Թուրքիա Սուրիոյ Ահաբեկչական Խմբակներուն Պիտի Չարտօնէ Իր Սահմանին Մօտ Գործել» Կ՛ըսէ Տաւութօղլու
«Սի.Էն.Էն.թիւրք» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու Քաթարի մէջ հանդիպում ունեցած է Սուրիոյ ընդդիմադիր խմբակներու ներկայացուցիչներու հետ:
Ան զանոնք տեղեակ պահած է, որ Թուրքիա պատրաստակամ է Սուրիոյ ընդդիմադիր տարբեր խմբակները միաւորելու համար օգնութիւն ցուցաբերելու:
Թուրքիոյ դիւանագիտութեան պետը նաեւ յայտարարած է, որ թրքական իշխանութիւնները պատրաստ են Սուրիոյ բոլոր կողմերուն հետ բանակցելու եւ երկխօսութիւն կատարելու, սակայն ահաբեկչական խմբակներուն պիտի չարտօնեն Թուրքիոյ սահմանին վրայ տեղակայուիլ:
Տաւութօղլու նշած է, որ իրենք դէմ են բոլոր այն ահաբեկչական խմբակներուն, որոնք կ՛ուզեն Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակէն օգտուիլ եւ այդտեղ տեղակայուիլ:
Թուրքիոյ նախագահի աւագ խորհրդական Արշատ Հիւրմիւզլիւ յայտնեց, որ իր երկիրը «Փաթրիոթ» տիպի հրթիռներ չունի եւ կը փորձէ իր քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը ապահովել, առ ի պատրաստութիւն ապագային պատահելիք որեւէ արտակարգ վիճակի` հերքելով, թէ այդ հրթիռները թուրք-ամերիկեան ծրագիրի մը ծիրին մէջ պատերազմի պատրաստութեան համար են եւ անոնց նպատակը սուրիական բանակին տրամադրութեան տակ գտնուող միջին եւ հեռու հասողութեամբ հրթիռներուն դէմ դնելն է:
Ան ըսաւ, որ «այդ հրթիռները սահմանին վրայ նախազգուշական միջոցառումներուն մաս կը կազմեն, առանց Սուրիոյ դէմ յարձակում գործելու մտադրութեանց, որովհետեւ այդ հրթիռներուն բնոյթը ի սկզբանէ պաշտպանողական է»` յոյս յայտնելով, որ «Սուրիա անպատասխանատու վարմունքներ չունենայ»:
Հիւրմիւզլիւ շեշտեց, որ «Թուրքիա Սուրիոյ մէջ ախորժակներ չունի, այլ պարզապէս սուրիացի ժողովուրդի ձգտումը իրագործելու փափաք մը»:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վիքթորիա Նուլընտ յայտարարեց, որ Ուաշինկթըն ՕԹԱՆ-էն պաշտօնապէս Թուրքիա-Սուրիա սահմանին վրայ «Փաթրիոթ» տիպի հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր զետեղելու պահանջ մը չէ ստացած: Ան յայտնեց, որ Ուաշինկթըն քանի մը ամիսէ ի վեր ՕԹԱՆ-ի եւ Թուրքիոյ հետ կը քննարկէ պաշտպանողական աջակցութեան այլ ձեւերը, որոնց Թուրքիա կրնայ կարիք ունենալ: «Մենք անշուշտ, հարցերու ամբողջական խմբակի մը կը նայինք` ապահովելու համար, որ Թուրքիա անվտանգ եւ ապահով մնայ», նշեց ան:

