Միացեալ Նահանգներ Ամերիկեան Անօդաչու Թռչող Սարք Մը Վար Առնելու Փորձին Համար Կը Զգուշացնեն Իրանը

Իրանեան կործանիչներ 1 նոյեմբերին միջազգային օդային տարածքին մէջ փորձած են վար առնել ամերիկեան անօդաչու թռչող սարք մը:

Ըստ Փենթակոնի, իրանեան երկու «Սու.-25 Ֆրոկֆութ» կործանիչներ սարքին թռիչքը ընդհատած են առաւօտեան ժամը 04:50-ին, մինչ սարքը իրանեան ծովափէն 16 մղոն հեռաւորութեան վրայ Ծոցի ջուրերուն վերեւ հսկողութիւն կը կատարէր:

Փենթակոնի բանբեր Ճորճ Լիթըլ յայտնեց, որ օդանաւերէն մէկը կրակ բացած է «Փրիտէյթըր» տիպի սարքին վրայ եւ քանի մը մղոն զայն հետապնդած է, մինչ իրանեան օդային տարածքէն կը հեռանար: «Կը կարծենք, որ անոնք առնուազն երկու անգամ կրակ բացած են եւ առնուազն երկու անգամ օդանաւին մօտէն անցած են», նշեց Լիթըլ:

Միջազգային օդային տարածքը կը սկսի իրանեան ծովափէն 12 մղոն ետք: Լիթըլ ըսաւ, որ սարքը որեւէ պահու իրանեան օդային տարածք մուտք չէ գործած:

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լէոն Փանեթա, ինչպէս նաեւ Քոնկրեսի անդամներն ու Սպիտակ տունը անմիջապէս տեղեակ պահուած են դէպքէն:

Միացեալ Նահանգներ նաեւ դիւանագիտական խողովակներով զգուշացում մը յղեցին Իրանի` յայտնելով, որ իրենց զինուորական սարքերը պիտի պաշտպանեն եւ պիտի շարունակեն օդանաւեր հսկողութեան այսպիսի գործողութիւններու ուղարկել:

«Բացարձակապէս ասոր նախադէպը չկայ», ըսաւ Լիթըլ` աւելցնելով, որ «ըստ մեր գիտութեան, ասիկա առաջին անգամն է, որ իրանեան օդանաւի մը կողմէ (անօդաչու թռչող սարքի մը վրայ) կրակ կը բացուի»: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք իրանեան օդանաւերը զգուշացման համար կրակա՞ծ են, Լիթըլ ըսաւ. «Մեր ենթադրութիւնը այն է, թէ անոնք կրակ բացած են` զայն վար առնելու համար: Պէտք է իրանցիներուն հարցնէք, թէ ինչո՞ւ այս քայլին դիմեցին»:

Լիթըլ կը նշէ, որ սարքը չէ վնասուած եւ ապահով կերպով զօրակայան վերադարձած է:

Միւս կողմէ, «Ալամ» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ իրանեան զինեալ ուժերու սպայակոյտի օգնական զօր. Մասուտ Ժազայիրի յայտնած է, որ «վճռական կերպով պիտի հակադարձենք իրանեան օդային, ջրային եւ հողային սահմաններու որեւէ բռնաբարման»` նշելով, որ «մեր ուժերը դէմ պիտի դնեն որեւէ օտար օդանաւի, որ կը փորձէ մեր օդային տարածքը բռնաբարել»:

 

Share this Article
CATEGORIES