«Փիւնիկ» Հիմնադրամին Հովանաւորութեամբ 100 Համերգներու Շարքին 21-րդը` Ֆիլհարմոնիք Համերգը Էշրեֆիէի Սեն Ժոզեֆ Եկեղեցւոյ Մէջ

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի մէջ կազմակերպուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ երէկ` ուրբաթ, 9 նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Էշրեֆիէի Յիսուսեաններու Սեն Ժոզեֆ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանեան ֆիլհարմոնիք նուագախումբի համերգը` ղեկավարութեամբ մայեսթրօ Յարութ Ֆազլեանի եւ մենակատարութեամբ հիւրաբար Լիբանան ժամանած աշխարհահռչակ դաշնակահար Վարդան Մամիկոնեանի: Լիբանանի մշակոյթի նախարար Կապի Լայեունի հովանաւորութեամբ ու Հայաստանի դեսպանատան հետ գործակցաբար կազմակերպուած այս ձեռնարկը արգասիքն էր նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի գործակցութեան, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի պետական յանձնաժողովին նախաձեռնած 100 համերգներու ծիրին մէջ:

Ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, նախարար Լայեունի ներկայացուցիչ Միշել Տը Շատարեւեանի, Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեանի, պետական, քաղաքական, միութենական ներկայացուցիչներու եւ մշակութասէր հոծ բազմութեան կայացած այս ձեռնարկին բացումը կատարեց դեսպան Աշոտ Քոչարեան:

Ողջունելէ ետք ներկաները` ան բացուած յայտարարեց ձեռնարկը, հակիրճ տողերու մէջ ներկայացնելով յատուկ այս առիթով Լիբանան ժամանած տաղանդաւոր դաշնակահար Վարդան Մամիկոնեանը:

Դեսպան Քոչարեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց այս ձեռնարկի իրականացման նպաստողներուն, յատկապէս` մշակոյթի նախարար Կապի Լայեունի, աշխարհահռչակ դաշնակահար Վարդան Մամիկոնեանին, Լիբանանի ֆիլհարմոնիք նուագախումբին` ղեկավարութեամբ մայեսթրօ Յարութ Ֆազլեանի, «Փիւնիկ» հիմնադրամին եւ անոր նախագահ Գաբրիէլ Չեմպերճեանին ու ներկաներուն` նշելով, որ 100 համերգներու ծիրին մէջ այս ձեռնարկին հետ զուգահեռաբար ու միաժամանակ 20-րդ համերգը կը կատարուի նաեւ Երեւանի մէջ: Իւրաքանչիւր ձեռնարկի ճամբով ներկաները 4 ժամ յարգեցին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը:

Ապա խօսք առաւ նախարար Լայեունի ներկայացուցիչ Միշէլ Տը Շատարեւեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները յայտնեց, որ «Հայոց ցեղասպանութեան ցաւալի առիթը կ՛ոգեկոչենք երաժշտութեամբ` համաշխարհային խիղճին առջեւ արծարծելով ժողովուրդներու եւ պետութեանց միջեւ բրտութեան երեւոյթն ու հարց կու տանք, թէ արդեօք բիրտ ուժով կարելի եղա՞ւ լուծել տագնապները եւ անդորրութիւն հաստատել ժողովուրդներու միջեւ»: «Կը խոստովանինք, թէ հայ ժողովուրդը խորապէս վիրաւորուած է 1915-էն ի վեր, սակայն այդ մէկը ամէնօրեայ տագնապ է անոնց համար», շարունակեց Տը Շատարեւեան եւ աւելցուց. «Այս ցաւը սոսկ հայկական չէ միայն, անիկա համամարդկային ցաւերէն մէկն է, զոր կը նկատենք, երբ պատկերացնենք պատմութեան սկզբնաւորութենէն ի վեր ժողովուրդներու միջեւ ծագած վէճերն ու պատերազմները եւ որոնք հետեւանք են քաղաքակրթութիւնները քանդող սուր զինարշաւի»: «Մարդկային խիղճը միայն 1948-ին կրցաւ հռչակել մարդու իրաւունքները, առանց սակայն զանոնք կիրարկելու կոչուած օրինական թէ մարդկային ուժը կարենալ գոյացնելու. այդ որքա՞ն պիտի տեւէ տակաւին, մինչեւ որ կարենայ հռչակել ու գործադրել ժողովուրդներու իրաւունքները»:

«Այսօր, մեր այս ոգեկոչումը, յիշեցում մըն է աշխարհի խիղճին, թէ` անիրաւութեան նկատմամբ լուռ կեցողը առաւել եւս յանցաւոր ու անիրաւ է, եւ պահանջ մը համայն մարդկութեան ուղղուած` ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը` հետեւելով մայիս 2000-ին լիբանանեան խորհրդարանի ճանաչման քայլի օրինակին: Աւելի՛ն. մեր այս ոգկոչումով կը վերահաստատենք, թէ բռնութեան դէմ մեր ծառացումն ու խաղաղութեան կոչը միակ երաշխիքն է, որ կը հսկէ մարդկային իրաւունքին, մինչեւ խաղաղութեան նոր արշալոյսի ծագումը», եզրափակեց Տը Շատարեւեան:

Ապա Լիբանանի ֆիլհարմոնիք նուագախումբը` ղեկավարութեամբ Մայեսթրօ Յարութ Ֆազլեանի, հմայիչ ոճով նուագեց հատուածներ Լազարիա Սարեանէն, Արամ Խաչատուրեանէն եւ Արքուհի Յարութիւնեանէն: Իր կարգին, դաշնակահար Վարդան Մամիկոնեան բուռն ծափողջոյններու ներքեւ դաշնակի վրայ նուագեց Ֆրանք Լիսցէն գլուխ գործոց մը:

Արեւմտահայաստանի, Կիլիկիոյ եւ Տէր Զօրի անապատներուն մէջ վհատ ու անշուք իրենց վերջին շունչը փչած Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու հոգիները իրենց երկնային բարձունքէն յուզաթաթաւ երանութեամբ «լսեցին» այս համերգին երաժշտական «աղօթք»-ը, ուր աշխարհահռչակ Վարդան Մամիկոնեան եւ Յարութ Ֆազլեան իր գլխաւորած ֆիլհարմոնիք նուագախումբին տպաւորիչ կատարողութեամբ Եղեռնի յուշատօնը խթանեցին հոգեկան վեհագոյն խոյանքով:

 

 

Share this Article
CATEGORIES