Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Ասորի Հոգեւոր Մշակոյթին Նուիրուած Համագումարին Մասնակիցները
Հինգշաբթի, 8 նոյեմբեր 2012-ի երեկոյեան, վեհարանի դահլիճին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի մէջ գումարուող ասորի հոգեւոր մշակոյթին նուիրուած համագումարին մասնակիցները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Վատիկանէն, Աւստրիայէն, Պելճիքայէն, Անգլիայէն, Հնդկաստանէն եւ Զուիցերիայէն աստուածաբաններ ու համալսարանի դասախօսներ:
Ողջունելով համագումարի կազմակերպումը Լիբանանի մէջ, վեհափառ հայրապետը շեշտեց անցեալէն եկող հոգեւոր մշակոյթին յատուկ կարեւորութիւն տալու հրամայականը: Վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Անցեալը իր արժէքներով եւ աւանդութիւններով պէտք է շարունակուի ներկային մէջ, սակայն այդ արժէքներուն եւ աւանդութիւններուն վերաժեւորումն ու վերածաղկումը կենսական են` նոր հրամայականներու ու իրականութիւններու լոյսին տակ»: Խօսելով հայ եկեղեցւոյ հոգեւոր մշակոյթին մասին` վեհափառ հայրապետը ըսաւ, թէ «սկզբնական դարերուն Մերձաւոր Արեւելքի մէջ տիրող երկու հոգեւոր մշակոյթներու ու աստուածաբանական մտածողութիւններու, յունական ու ասորական, ազդեցութիւնը հայ հոգեւոր մշակոյթին վրայ ակներեւ է: Եւ աւելի՛ն. այս երկու մշակոյթները երբեմն նաեւ բախումի մէջ եղած են Հայաստանի մէջ: Իսկ կիլիկեան շրջանին այս երկու մշակոյթներուն վրայ եկաւ աւելնալու լատինական հոգեւոր մշակոյթը: Սակայն այս բոլորին մէջ հայ եկեղեցին կրցաւ իր ինքնուրոյնութիւնը պահել, ինչպէս նաեւ աւելի լայնախոհ մտածողութիւն զարգացուց` միշտ երկխօսութեան մէջ ըլլալով յիշեալ մշակոյթներուն հետ»:
Պատասխանելով իրեն ուղղուած միջեկեղեցական շարժումին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ մտահոգութիւններուն առնչուած հարցումներուն` վեհափառ հայրապետը իր ունեցած փորձառութեան լոյսին տակ լայն բացատրութիւններ տուաւ, միաժամանակ շեշտելով, որ «եկեղեցիներու միջեւ աստուածաբանական երկխօսութիւնը կենսական է: Սակայն անհրաժեշտ է, որ աստուածաբանական երկխօսութիւնը շեշտը դնէ ներկայ ընկերութեան դիմագրաւած ընկերային-բարոյական խնդիրներուն վրայ, բնականաբար առանց անտեսելու անցեալէն ժառանգուած հարցերը: Չմոռնանք, որ եկեղեցին մաս կը կազմէ ընկերութեան, հետեւաբար ընկերութեան հարցերը որոշ իմաստով նաեւ եկեղեցոյ հարցերն են», եզրակացուց վեհափառ հայրապետը:

