Հայկական Երկրորդական Վարժարաններու Պետական Քննութիւններուն Գերազանց Աշակերտներու Պարգեւատրմանողջունելի Ձեռնարկ
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան Զաւարեան ուսանողական գրասենեակին, երէկ` ուրբաթ, 9 նոյեմբեր 2012-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական երկրորդական վարժարաններու պետական քննութիւններուն գերազանց արդիւնքներ ապահոված աշակերտներու պարգեւատրման աւանդական դարձած ողջունելի ձեռնարկ:
Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Ատրինէ Զէնեան, որ վեր առաւ հայկական վարժարաններուն դերակատարութիւնն ու կարեւորութիւնը` իբրեւ հայութեան հաւաքական կեանքին ազգային շունչ ու ոգի փոխանցող, հայեցի դաստիարակութիւն տուող կռուան: Ան դիտել տուաւ, որ հակառակ այս իրողութեան, այսօր հայկական դպրոցները տարբեր տեսակի մարտահրաւէրներու եւ դժուարութիւններու դէմ յանդիման կանգնած են` շեշտը դնելով օտարամոլութեան վտանգաւոր ախտին վրայ: Զէնեան շեշտեց, որ հայկական վարժարաններու շրջանաւարտներուն արձանագրած գնահատելի արդիւնքները կու գան ջրելու նման մօտեցումներ եւ հաստատելու, որ մեր դպրոցներուն մէջ կը կերտուին այնպիսի սերունդներ, որոնք օժտուած են փայլուն ապագայ կերտելու զէնքով:
Իր խօսքի աւարտին Ա. Զէնեան շեշտեց, որ ԶՈՄ-ի այս նախաձեռնութեան պատգամը այն է, որ հայկական վարժարանն ու հայ աշակերտութիւնը հայութեան գոյատեւման հիմնաքարերն են, ուստի միութիւնը նեցուկ պիտի կանգնի երկուքին:
Ապա «Կոկիկեան» հիմնարկի գործադիր տնօրէն Սուհայլա Հայեքի անունով խօսք առաւ Արամ Քարատաղեան, որ դիտել տուաւ, թէ ԶՈՄ-ի հետ գործակցաբար հիմնարկը աշխատանք կը տանի ծաղկեցնելու լիբանանահայ գաղութը, յաւելեալ ուժականութիւն եւ կարողականութիւն փոխանցելու անոր, որպէսզի զարգանալու աւելի լայն կարելիութիւններ ունենայ: Ան նշեց, որ թէեւ պետական մակարդակի վրայ հայ երեսփոխաններ ու նախարարներ կան, սակայն պետական պաշտօնեաներու շարքերուն մէջ հայութիւնը անհրաժեշտ տարողութեամբ ներկայութիւն չէ: Առ այդ, ան դիտել տուաւ, որ պէտք է այդ ուղղութեամբ աշխատանք տանիլ, մանաւանդ որ պետական պաշտօնեաներուն կացութիւնը բաւական կայուն է, տարբեր տեսակի առաւելութիւններ ունին եւ այլն:
Գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցաւ Վարանդա Եագուպեան, որուն կը նուագակցէին Ասօ Մախուլեան եւ Երուանդ Էճիտեան:
Օրուան բանախօսը` Րաֆֆի Կէօվօղլանեան, լուսարձակի տակ առաւ այն ճիգերը, որոնց շնորհիւ կարելի եղած է պատուաբեր արդիւնքներու հասնիլ` աւելցնելով, որ այդ յաղթանակը նաեւ ուրախութիւն ու գոհունակութիւն կը պատճառէ իրենց զաւակները հայկական վարժարանին վստահած ծնողներուն, հայկական վարժարանի նուիրեալ ուսուցիչներուն եւ տնօրէններուն: Ապա ան անդրադարձաւ օտարամոլ ծնողներուն կողմէ իրենց զաւակներուն հաշուոյն գործուած մեծ ու անդարմանելի սխալներուն` հաստատելով, որ հայկական վարժարաններու աշակերտներուն արձանագրած նուաճումներն ու գերազանց արդիւնքները պէտք է անոնց ուղղուած կտրուկ պատգամներ ըլլան ու աղաղակեն, թէ օտար վարժարանը փառաբանող հայ ծնողները սխալ ընթացքի մէջ են:
Ր. Կէօվօղլանեան խօսեցաւ արհեստագիտութեան եւ անոր նորանոր գիւտերուն մասին` յայտնելով, որ այսօր փոխուած է ուսման չափանիշը, հետազօտութիւններ կատարելը դիւրացած է եւ ամէն ինչ աւելի մատչելի դարձած:
Այս առիթով ան բարձր գնահատեց ԶՈՄ-ը, անոր տարած աշխատանքն ու յատկապէս նմանատիպ նախաձեռնութիւնները, որոնց ետին կարելի է տեսնել գիտակից, կանխամտածող երիտասարդներ, որոնք կ՛ուզեն լուսարձակի տակ առնել հայ ուսանողներուն կարողութիւնն ու արժանիքները, ինչպէս նաեւ հայկական կրթական հաստատութիւններուն դերը` իբրեւ հնոց, որ կը պատրաստէ յաջող հայ անհատներ եւ ապագայի դժուարութիւնները նուաճող հայ ընտանիքի մայրեր ու հայրեր:
Իր խօսքի աւարտին ան կոչ ուղղեց աշակերտներուն չմոռնալու իրենց հայկական վարժարանները եւ լծուելու անոնց ծառայութեան: «Փափաքս ու մաղթանքս է, որ հայկական դպրոցին ճամբով եւ անոր շնորհիւ կերտած ձեր յաջողութիւններու երթը ըլլայ շարունակական, իսկ դուք այդ ճամբուն վրայ ըլլաք այն արժանի անձերը, որոնք չեն մոռնար իրենց հարազատ կրթական օճախները, իրենց ազգը եւ ո՛ւր ալ ըլլան, ի՛նչ դիրք ալ նուաճեն, միշտ ու միշտ յիշեն, թէ ճիտի պարտք ունին իրենց ազգին, հայկական դպրոցին եւ հայութեան նկատմամբ:
Դուք այսօրուան պատուաբեր արդիւնքներ ապահոված հայ աշակերտներն էք, որպէսզի հայութիւնը ապագային եւս ունենայ նման յաջողութիւններով զինուած հայ աշակերտներ, դուք պէտք է տարբեր առիթներով եւ նուիրումով ձեր կարելիութեան սահմաններուն մէջ նեցուկ կանգնիք ազգին եւ անոր կառոյցներուն, որպէսզի երաշխաւորուի հայութեան շարունակութիւնն ու նորանոր սերունդներու կերտումը», եզրափակեց ան:
Ապա տեղի ունեցաւ պետական քննութիւններուն գերազանց արդիւնքներ ապահոված աշակերտներու պարգեւատրում: Պաքալօրէայի տարբեր բաժանմունքներէ իւրաքանչիւրին մէջ լաւագոյն արդիւնքը ապահոված աշակերտները ստացան «այ.փէտ»-ներ. այդ աշակերտներն են` Յակոբ Ժամկոչեան (Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարան), Նանօր Գալայճեան (Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ), Դալար Ստեփան (Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ), Նուարդ Օհաննէսեան (Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան), Սինթիա Արապքիրիլեան (Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան), Արեւիկ Փափազեան (Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարան): Գերազանց արդիւնքներ ապահոված երկրորդ եւ երրորդ դիրքերու վրայ եղած աշակերտները ստացան խորհրդանշական նուէրներ:

