Լիբանանի Հեծելարշաւի 2012-ի Ախոյեանութիւն. Վաղը` Կիրակի, 11 Նոյեմբերին, Ա. Հանգրուանի Մրցումը
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին եւ հովանաւորութեամբ «Սքոթ» ընկերութեան, վաղը` կիրակի, 11 նոյեմբերին, առաւօտեան ժամը 8:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի հեծելարշաւի 2012-ի ախոյեանութեան Ա. հանգրուանի մրցումը:
Անոր սկիզբի ազդանշանը պիտի տրուի Թապարժայէն, Ապա հեծելանւորդները պիտի անցնին Ժիպէյլէն եւ Շեքքայէն` հասնելով մինչեւ Թրիփոլի, որմէ ետք պիտի վերադառնան մրցումի սկիզբի վայրը` Թապարժա:
Անոր ընդհանուր երկարութիւնը պիտի ըլլայ 113 քմ:
CATEGORIES Մարզական

