«Փորձ Կը Կատարուի Արաբները Լարել Հայերուն Դէմ» Կ՛ըսէ Վահան Յովհաննիսեան

Վահան Յովհաննիսեան

Նախանցեալ օր «Օգնի՛ր Եղբօրդ» նախաձեռնութեան մարդասիրական օգնութեան երրորդ օդանաւը հասաւ Հալէպ: Արաբական որոշ զանգուածային լրատուամիջոցներ սկսան յայտարարել, թէ Հայաստանէն օգնութիւնը ուղարկուած է միայն հալէպահայերուն, եւ ատիկա փաստած է նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեայ մը:

Թէեւ նախաձեռնութեան անդամները առաջին օրուընէ յայտարարեցին, որ օգնութիւնը միայն հոն ապրող հայերուն համար չէ, բայց այս նիւթը կարծես կրկին կը շահարկուի: Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր, «Օգնի՛ր Եղբօրդ» նախաձեռնող խումբի անդամ Վահան Յովհաննիսեան յայտնեց, որ ասիկա թիւրիմացութիւն է, որովհետեւ նոյնիսկ բեռին հասցէատէրը յստակ նշուած է` Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Բերիոյ թեմի առաջնորդարան եւ Սուրիոյ միջազգային Կարմիր մահիկ:

Ան անգամ մը եւս ընդգծեց, որ երբ կը բաժնուէր բեռին առաջին խմբաքանակը, բոլորը շատ լաւ տեսած են, որ օգնութիւնը բաժնուած է նաեւ սուրիացի կարիքաւոր ընտանիքներուն:

Ըստ Յովհաննիսեանի, իրենք երբեք չեն պահած նախաձեռնութեան դրդապատճառը, որ Հալէպի հայերուն ծանր վիճակն է, սակայն իրենք շատ լաւ գիտեն, որ անոնք ունին սուրիացի եղբայրներ, դրացիներ, որոնց հետ մտերիմ են ոչ միայն դրացիական, եղբայրական կապերով: «Հետեւաբար մենք օգնելու ընթացքին նկատի կ՛ունենանք ոչ միայն սուրիահայերը, այլ նաեւ սուրիացիները,» նշեց Վահան Յովհաննիսեան:

Ան վստահ է, որ որոշ քաղաքական ուժերու միշտ ձեռնտու եղած է եւ հիմա ալ ձեռնտու է հայերը ներքաշել այս քաղաքացիական բախումներուն մէջ:

Նախաձեռնութեան անդամը յայտնեց, որ այս քաղաքացիական բախումներուն մէջ փորձեր կը կատարուին տարբեր կողմերէն հայերը ներգրաւելու եւ այդ փորձերը կը ձախողին: Հայերը կը պահպանեն չէզոքութիւնը, իրենց Սուրիոյ հաւատարիմ քաղաքացիներն են, քաղաքացիական բախումներուն չեն խառնուիր: Հետեւաբար հիմա կը փորձուի անպատասխանատու յայտարարութիւններով Սուրիոյ մէջ արաբական որոշ շրջանակներ լարել հայերուն դէմ:

 

Share this Article
CATEGORIES