«Հայկական Ուժերը Անհամաչափ Ուժգին Հարուած Պիտի Հասցնեն Ազրպէյճանին, Եթէ Ան Ուժային Քայլերու Դիմէ» Յայտարարեց Նախագահ Սարգսեան

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան հեղինակաւոր «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» պարբերականին տրուած հարցազրոյցին ընթացքին նախազգուշացուց, որ հայկական ուժերը «անհամաչափ» ուժգին հարուած պիտի հասցնեն Ազրպէյճանին, եթէ վերջինս ուժային քայլերու դիմէ:

Ըստ պարբերականին, նախագահ Սերժ Սարգսեան խոր մտահոգութիւն յայտնեց շրջանին մէջ զինեալ տագնապը վերսկսելու` Ազրպէյճանի ցանկութեան առնչութեամբ: Նախագահը նաեւ ընդգծեց, որ Հայաստանի կառավարութիւնը պիտի շարունակէ ջանքեր գործադրել մօտ երկու տասնամեակ երկարաձգուող տագնապը խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով լուծելու ուղղութեամբ` միեւնոյն ժամանակ մատնանշելով աշխարհի կարեւորագոյն ուժանիւթի միջանցքներէն մէկուն մէջ լարուածութեան աստիճանական աճը:

«Դժբախտաբար Ազրպէյճանը զինեալ տագնապը վերսկսելու յարմար առիթին կը սպասէ: Վստահ եմ, որ այդպիսի սխալը թէեւ պիտի վնասէ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի ժողովուրդներուն, սակայն մեծագոյն վնասը պիտի կրէ Ազրպէյճանի ժողովուրդը», ըսաւ նախագահ Սարգսեան: Ան աւելցուց, որ եթէ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան ոչնչացման վտանգ սպառնայ, ապա Հայաստան չի կրնար մէկ կողմ քաշուիլ:

Յղում կատարելով դէտերու կարծիքին` պարբերականը կը նշէ, որ Սերժ Սարգսեանի նմանօրինակ խիստ խօսքը մասամբ հասցէագրուած է ներքին լսարանին, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ կարծր գիծի կողմնակից սփիւռքահայութեան լայն շրջանակներուն:

Կարճ ձեւով ներկայացնելով տագնապի նախապատմութիւնը եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի միջնորդութեամբ ընթացող բանակցութիւնները` պարբերականը կը մատնանշէ վերջին շրջանին թշնամական հռետորաբանութեան աւելի սաստկացումը` պայմանաւորուած 2004 թուականին Հունգարիոյ մէջ հայ սպան կացինահարած ազրպէյճանցի Ռամիլ Սաֆարովին նախագահ Ալիեւի կողմէ ներում շնորհելու եւ հերոսացնելու պատճառով:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան պարբերականին ըսած է, որ Ազրպէյճանի մէջ աւելի դիւրին է ստեղծել ատելութեան մթնոլորտ հայերուն դէմ, քան դիմագրաւել եւ յաղթահարել ատելութեան հետեւանքները:

Այս ծիրին մէջ պարբերականը կը նշէ, որ Պաքու նախորդ 5 տարիներուն սպառազինուելու համար ծախսած է 11 միլիառ տոլար, մինչդեռ Հայաստան` 2 միլիառ տոլար: Յղում կատարելով Միջազգային ճգնաժամային խմբակին` պարբերականը կը նշէ, որ երկու երկիրներու կառավարութիւնները ձեռք կը բերեն ժամանակակից յարձակողական զինուորական համակարգեր, որոնց շարքին` մինչեւ 45 մղոն հեռաւորութեան վրայ գտնուող թիրախները ոչնչացնելու ունակ ռուսական հրթիռներ:

Հայաստանի նախագահը նշեց, որ Ազրպէյճանի ծրագիրներու յաջողութիւնը կախեալ է միջազգային հանրութեան դիրքորոշումէն եւ հայկական զինեալ ուժերու մարտունակութենէն:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան նաեւ անդրադարձած է սահմանակից Իրանի դէմ հաւանական հարուածներուն` նշելով, որ այդ հարցը Հայաստանի համար ծայրայեղ մտահոգութեան առարկայ է: Այսպիսի զարգացում կրնայ յանգեցնել Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ բախման:

Share this Article
CATEGORIES