Միացեալ Նահանգներու Նախագահական Ընտրութիւններ. Առաջին Մտորումներ
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ՆԱԽԱԳԱՀ ՕՊԱՄԱ ԵՒ ՆԱԽԿԻՆ ԿԱՌԱՎԱՐԻՉ ՄԻԹ ՌՈՄՆԻ ՄԻԼԻԱՌԱՒՈՐ ՏՈԼԱՐ ԾԱԽՍԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱԶԱՐԱՒՈՐ ՄՂՈՆՆԵՐ ԿՏՐԵՑԻՆ ԸՆՏՐԱՊԱՅՔԱՐԻ ԻՐԵՆՑ ԱՐՇԱՒԻՆ ՀԱՄԱՐ: ԱՅՍ ԲՈԼՈՐԸ ԻՐԵՆՑ ԳԱԳԱԹՆԱԿԷՏԻՆ ՀԱՍԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՓՈԹՈՐԿԱԼԻՑ ԳԻՇԵՐԸ, ՈՐՈՒՆ ԱՆՄԻՋԱՊԷՍ ՅԱՋՈՐԴՈՂ ՕՐԸ ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ «ԷՄ. ԷՍ. ԷՆ., ԷՆ. ՊԻ. ՍԻ.»-Ի ԿԵԴՐՈՆԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՄԵԿՆԱԲԱՆՆԵՐԸ ԿԱՏԱՐԵՑԻՆ ՇԱՐՔ ՄԸ ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ՎԵՐԼՈՒԾՈՒՄՆԵՐ ԵՒ ՀԱՐՑԱԴՐՈՒՄՆԵՐ: ԱՆՈՆՔ Կ՛ԸՍԷԻՆ. 2012-Ի ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՕՊԱՄԱ ԿԸ ՎԱՅԵԼԷՐ ԺՈՂՈՎՐԴԱԳՐԱԿԱՆ ԱՌԱՒԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄԸ, ԻՍԿ ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆՆԵՐԸ` ԺՈՂՈՎՐԴԱԳՐԱԿԱՆ ԵՐԿՍԱՅՐԻ ՏԱԳՆԱՊ ՄԸ: ԱՐԴԵՕՔ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՆՓՈՓՈԽ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԵՆ, ԹԷ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԻ՞ՒՆԸ ԵՒՍ ՊԻՏԻ ՄՆԱՅ ԱՆՓՈՓՈԽ: ՄԻՒՍ ԿՈՂՄԷ` ՕՊԱՄԱՅԻ ՅՈԽՈՐՏԱՆՔԸ, ԱՆՈՐ ՄԱՐՏԱՎԱՐԱԿԱՆ ԳԵՐԱԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԲԱՆԵՐ ԵՆ, ՈՐՈՆՔ ՊԻՏԻ ՅԻՇՈՒԻՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ…
Օպամայի Ժողովրդագրական
Առաւելութիւնը
Այո՛, ինքնաշարժներու երաշխաւորագիրը, զոր ստորագրած էր Օպամա, կարեւորութիւն կը ներկայացնէր Օհայոյի մէջ: Վստահաբար Սենտի փոթորիկը նպաստեց նախագահին: Այո՛, տնտեսութիւնը գլխաւոր թիւ մէկ հարցն էր: Սակայն չսխալինք. ինչ որ պատահեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններուն, ժողովրդագրական առումով լարուած ական մըն էր, որուն պայթելու ժամերը կը մօտենային, եւ անիկա պայթեցաւ հանրապետականներուն երեսին: Ինչպէս Օպամայի ընտրապայքարի վարչամեքենան նախատեսած էր աւելի քան մէկ տարի առաջ, ընտրող զանգուածին սպիտակամորթ խաւին թիւը անկում արձանագրած էր եւ կը կազմէր 72 առ հարիւրի համեմատութիւն մը, իսկ նախագահը շահեցաւ անոնց քուէներուն 39 առ հարիւրը: Սակայն, միւս կողմէ, ան հնձեց սեւամորթ ընտրող զանգուածին քուէներուն 93 առ հարիւրը (անոնք կը ներկայացնեն ընտրողներուն 13 առ հարիւրը), ծագումով հարաւամերիկացի ընտրող զանգուածին քուէներուն 71 առ հարիւրը (անոնք կը ներկայացնեն ընտրողներուն 10 առ հարիւրը), եւ ասիացի ընտրող զանգուածին քուէներուն 73 առ հարիւրը (անոնք կը ներկայացնեն ընտրողներուն 3 առ հարիւրը): Աւելի՛ն. հակառակ բոլոր նախատեսութիւններուն, թէ` նուազ թիւով երիտասարդներ պիտի քուէարկէին, քուէարկութեան վերջին օրը 18-29 տարեկան երիտասարդները կը կազմէին քուէարկողներուն 19 առ հարիւրը: Չորս տարի առաջ անոնք կը կազմէին քուէարկողներուն 18 առ հարիւրը: Նախագահ Օպամա ստացաւ անոնց քուէներուն 60 առ հարիւրը: Այս երեւոյթը կրկնուեցաւ սուր ընտրապայքարով յատկանշուած նահանգներուն մէջ: Նախագահը Քոլորատոյի եւ Նեւատայի մէջ շահեցաւ ծագումով հարաւամերիկացի ընտրող զանգուածին քուէներուն 70 առ հարիւրը, եւ Ֆլորիտայի մէջ` անոնց քուէներուն 60 առ հարիւրը (ասիկա բարձր թիւ մըն է` նկատի ունենալով այս նահանգին մէջ հանրապետականներու համակիր քուպացի- ամերիկացիներու ստուար բնակչութիւնը): Ընտրութիւններէն մէկ օր առաջ գրած էինք, թէ ժողովրդագրութիւնը կրնար վճռել ընտրապայքարին ճակատագիրը: Եւ ճիշդ այս էր, որ պատահեցաւ: Թէեւ ընտրապայքարի մեքենան արժանի է քուէարկողները քուէատուփեր առաջնորդելու ամբողջ գնահատանքին, սակայն նախագահական այս ընտրապայքարին ամէնէն յատկանշական իրադարձութիւնը շատ հաւանաբար նաեւ 2010-ի մարդահամարին արդիւնքն էր:
Հանրապետականներուն
Ժողովրդագրական Երկսայրի Տագնապը
Օպամայի ժողովրդագրական առաւելութիւնը երկսայրի տագնապ մը կը ստեղծէ Հանրապետական կուսակցութեան համար: Այս կուսակցութիւնը այլեւս չի կրնար ապաւինիլ սպիտակամորթներու քուէներուն, որպէսզի կարենայ յաղթանակ ապահովել քաղաքական ընտրութիւններու մէջ, մասնաւորաբար` նախագահական շրջանակներու մէջ: Իրօք, քուէարկութիւններէն անմիջապէս ետք կատարուած նախնական նախատեսութիւններուն համաձայն, ընտրութեան գիշերը Միթ Ռոմնիի ստացած քուէներուն 89 առ հարիւրը կը պատկանէր սպիտակամորթներու (համեմատութիւնը 56 առ հարիւր էր Օպամայի պարագային): Հետեւաբար հանրապետականները առաւելագոյն համեմատութեան կը հասցնէին սպիտակամորթներէ ստացած իրենց քուէները, սակայն պարզապէս չէին ստանար ընտրող այլ զանգուածներու քուէները:
Իսկ ի՞նչ պիտի պատահի 2016-ին. հաւանաբար ընտրող սպիտակամորթ զանգուածին համեմատութիւնը պիտի նուազի քանի մը հարիւրով եւ պիտի հասնի 70 առ հարիւրի: «Փոլիթիքօ» թերթի խմբագիր Ճոնաթան Մարթին հետեւեալ ձեւով կը ներկայացնէ հարցը. «Շնչահեղձ տնտեսութեան մը եւ խիստ լարուած ընդդիմութեան մը դէմ պայքարելով հանդերձ, Օպամա յաջողեցաւ պահպանել 2008-ի իր ընտրապայքարին քարտէսը, շնորհիւ հանրապետականներուն անկարութեան` ներգրաւելու քուէարկողները, որոնք սկսած են այլափոխել երբեմնի դէպի պահպանողական թեւը թեքող Վըրճընիայի, Ֆլորիտայի, Քոլորատոյի եւ Նեւատայի քաղաքական դիմագիծը: Հանրապետականները կը դիմագրաւեն տագնապ մը. Միացեալ Նահանգներու մէջ սպիտակամորթներու թիւը հետզետէ կը նուազի, մինչդեռ կուսակցութեան դիմագիծը հետզհետէ աւելի սպիտակամորթ դարձած է վերջին տարիներուն: 2004-ին Ճորճ Պուշ շահած էր սպանախօս զանգուածին քուէներուն շուրջ 40 առ հարիւրը: Չորս տարի ետք Ճոն ՄքՔէյն` գաղթականներ ընդունելու օրէնքին բարեփոխութեան հեղինակը, ստացաւ սպանախօս զանգուածին քուէներուն 31 առ հարիւրը: Իսկ այս տարի Ռոմնի շահեցաւ անոնց քուէներուն միայն 27 առ հարիւրը»:
Հանրապետական Կուսակցութեան
Համար Դժուար Է Ապաւինիլ Միայն
Կեդրոնական–Արեւմուտքին
Այժմ հանրապետականներ կրնան վիճիլ եւ ըսել` «Մենք կրնա՛նք վերատիրանալ Կեդրոնական -Արեւմուտքի` Օհայոյի, Այոայի եւ Ուիսքոնսընի քուէներուն»: Սակայն այս նահանգները կը ներկայացնեն ընտրող զանգուածին միայն 34 առ հարիւրը: Իսկ Արեւու գօտիին (հարաւ եւ հարաւ-արեւմուտք) մաս կազմող նահանգներուն` Ֆլորիտայի, Նորթ Քարոլայնայի եւ Վըրճինիայի մէջ, ուր Օպամա մղեց իր ընտրապայքարը, եւ որոնք ունին շատ աւելի այլազան բնակչութիւն, ընտրող զանգուածը կը կազմէ ընդհանուրին 57 առ հարիւրը: Ապա կան նաեւ Արիզոնան, Ճորճիան եւ Թեքսասը: Արդեօք այս նահանգնե՞րը եւս դերակատար պիտի դառնան 2016-ի ընտրութիւններուն մէջ: Իսկ ի՞նչ պիտի պատահի 2020-ին: Վերադառնալով 2016` կարելի է վիճիլ, որ դեմոկրատներուն համար Արիզոնան եւ Ճորճիան պիտի դառնան այն, ինչ որ Միչըկընը, Մինըսոթան եւ Փենսիլվանիան կը ներկայացնեն հանրապետականներուն համար. այսինքն անոնք պիտի նկատուին պարզապէս քիչ մը անհասանելի նահանգներ:
Վերջին Արդիւնքները
Օպամա ստացած է Ժողովրդային քուէներուն 50 առ հարիւրը, իսկ Ռոմնի` 48 առ հարիւրը: Դեմոկրատները նաեւ կը շարունակեն պահել ծերակոյտին մէջ իրենց մեծամասնութիւնը, նոյնիսկ աւելցուցած են իրենց թիւը: Սակայն հանրապետականները կը պահեն Ներկայացուցչական տան մէջ իրենց մեծամասնութիւնը, ուր ունին 237 ներկայացուցիչ, իսկ դեմոկրատները` 197:
Ընտրութիւններուն Անփոփոխ Արդիւնքը
Կը Նշանակէ Անփոփոխ Ղեկավարութի՞ւն
Ընտրութիւններուն արդիւնքը անփոփոխ է: Օպամա պիտի շարունակէ մնալ Սպիտակ տան մէջ, դեմոկրատները պիտի շարունակեն իրենց հակակշիռին տակ պահել ծերակոյտը, իսկ հանրապետականները` Քոնկրեսը: Սակայն բուն հարցումը կը վերաբերի դրամական օրէնքներու վերաբերող բանակցութիւններուն. արդեօք ղեկավարութի՞ւնը եւս պիտի մնայ անփոփոխ: Ծերակոյտին մէջ փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչ Միչ ՄքՔոնել հետեւեալ յայտարարութիւնը կատարած է ընտրութիւններուն գիշերը. «Այն չափով, որ Օպամա պիտի ուզէր յառաջանալ դէպի քաղաքական կեդրոն, ուր աշխատանքը կը կատարուի երկփեղկուած պետութեան մը մէջ, հոն, ճամբուն կիսուն մենք կը հանդիպինք իրեն: Ասիկա կը նշանակէ, թէ պէտք է առաջարկուի երկու կուսակցութիւններուն միատեղ գործակցութեան ձեւ մը, որպէսզի կարելի ըլլայ խուսափիլ դրամական օրէնքները անփոփոխ պահելու պարտաւորութենէն` առանց վնաս պատճառելու արդէն տկար եւ դիւրաբեկ տնտեսութեան: Երբ կը յաղթահարէք այս, կը գործակցինք միասին` բարեփոխելու համար տուրքերու օրէնքները եւ մեր օրէնքներով մեզի տրուած իրաւասութիւններուն համակարգը»: Սակայն ո՞վ պիտի արձակէ հրամանը: Հանրապետականնե՞րը, թէ՞ նախագահ մը, որ ամբողջ երկրին տարածքին պայքարեցաւ հարուստներուն պարտադրուած տուրքերը աւելցնելու համար, եւ յաղթեց: Կայ նաեւ այլ հարցում մը. արդեօք զիջումներ պիտի կատարուի՞ն:
Օպամայի Յոխորտանքը Եւ
Մարտավարական Գերակայութիւնը
Վերադառնալով ընտրութիւններուն` վարչական գրեթէ բոլոր այն շրջաններուն մէջ, ուր նախագահական թեկնածուներէն ոչ մէկը ջախջախիչ մեծամասնութիւն կը վայելէր, Օպամա պարտութեան մատնեց Ռոմնին (նման շրջաններու մէջ քուէներու մեծամասնութիւնը շահած էր Ճորճ Պուշ` 2004-ին, սակայն Օպամա` 2008-ին): Թէեւ Օպամա պարտուեցաւ Նորթ Քարոլայնայի մէջ, միւս կողմէ` ան ապացուցեց, թէ այս նահանգը կը փոխուէր եւ կը ստանար աւելի «Կեդրոնական-Ատլանտեան» դիմագիծ մը:
Սակայն վարչական նման շրջաններու մէջ Օպամայի յաղթանակէն աւելի յատկանշական էր անոր մարտավարական գերակայութիւնը: Ամբողջ Միացեալ Նահանգներու տարածքին Ռոմնի ոտնձգութիւններ կատարեց` բաղդատած հանրապետական թեկնածուներու նախկին վարքին: Իսկ Օպամայի ընտրական վարչամեքենան օգտագործեց մարդահամարի արդիւնքները եւ շրջեց սահմանագիծերը: Լաւագոյն օրինակը Ֆլորիտան էր:
Պատմութիւն Կերտելով…
Միացեալ Նահանգներու 2012-ի ընտրութիւնները պատմութիւն կերտեցին: Օպամայի վերընտրութեամբ, նախագահներ Ճեֆըրսընի, Մետիսընի եւ Մոնրոյի ժամանակներէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով ամերիկացիք յաջորդաբար երեք նախագահներ ընտրեցին երկու նստաշրջանի համար: Միւս կողմէ` Թեմի Պոլտուին պիտի դառնայ ծերայոյտի առաջին բացայայտօրէն միասեռական անդամը: Ծերակոյտը պիտի ունենայ առնուազն 19 կին անդամներ. թիւ մը, որ երբեւիցէ չեն կազմած կին ծերակուտականները: Մերիլենտ եւ Մէյն դարձան առաջին նահանգները, ուր քուէարկութենէ ետք պաշտօնապէս ընդունուեցաւ միասեռականներու միջեւ ամուսնութիւնը: Իսկ մարիխուանան օրինականացնելու առաջին քայլերը արդէն արդիւնք տուած են Քոլորատոյի եւ Ուաշինկթընի մէջ:
(Յապաւուած)

