Լուրեր Դպրեվանքէն. Դպրեվանեցիներ Անթիլիասի Մայրավանքի «Կիլիկիա» Թանգարանը Այցելեցին

Կիրակի, 4 նոյեմբեր 2012, սուրբ եւ անմահ պատարագի աւարտին, դպրեվանքի սաներ այցելեցին Անթիլիասի կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանը, ուր անգին գանձեր մեր դարաւոր պատմութեան եւ մշակոյթին պատգամաբերը եղան:

Թանգարանի փոխտեսուչ Պարոյր աբղ. Շէրնէզեանի առաջնորդութեամբ, սաներ գտնուեցան թանգարանի երեք յարկերը:

Դպրեվանեցիներ մեծ հետաքրքրութեամբ յատկապէս ունկնդրեցին պատմական սուրբ միւռոնի կաթսային Սիսէն Հալէպ եւ ապա Անթիլիաս փոխադրութեան պատմութիւնը:

Այս այցելութիւնը նաեւ առիթ մը եղաւ, որ սաներ Հայ դատի հետապնդման մէջ իրենց բերելիք մասնակցութեան նախանձախնդրութիւնը վերաթարմացնեն:

Share this Article
CATEGORIES